ՃԻ՛ՇԴ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԷ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Քառասնորդաց պահեցողութեան 8-րդ օրն է:
Այսօրուան Սուրբ Գիրքի ընթերցումներէն, Առակաց Գիրքին մէջ հետեւեալը կը կարդանք. «Որդեա՛կ իմ, եթէ մեղաւորները քեզի գլխէ հանել ուզեն, դուն անոնց հաւանութիւն մի՛ տար» (Առ 1.10):