Եկեղեցական

ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԾԻՍԱԿԱՆ ՕՐԱՑՈՅՑԻՆ ՎՐԱՅ

Վատիկանի մէջ նախընթաց օր առնուեցաւ կարեւոր որոշում մը, ըստ որու Կաթողիկէ եկեղեցին յետայսու ամէն տարի փետրուարի 27-ին պիտի յիշատակէ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին։ Սուրբ Աթոռի Պաշտամունքի եւ խորհուրդներու ժողովը այս որոշումը առած է՝ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի հրամայականի հիման վրայ։

ԱՌԱՋՆՈՐԴԷՆ ՆԱՄԱԿ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան նամակ մը ուղարկեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի։ Նիւ Եորքի Առաջնորդարանի դիւանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ թեմակալ առաջնորդը այդ նամակը Սպիտակ տուն ուղարկած է՝ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի երդման արարողութենէն անմիջապէս վերջ։

Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԺՈՂՈՎԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԸՆԹԱՑՆԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի (Վատիկան) մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս Հռոմի մէջ հանդէս եկաւ շահեկան դասախօսութիւնով մը, որու նիւթն էր՝ «Ժողովականութիւնը եւ քրիստոնէական միութիւնը, ըստ Հայ Եկեղեցւոյ»։ Հռոմի Ս. Թովմաս Ագուինացի Քահանայապետական համալսարանի «Թիլլարտ» ամպիոնին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս դասախօսութիւնը։

ԹԵՄԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԵՌԱՎԱՐ ԺՈՂՈՎ՝ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ Թեմական խորհուրդի ժողով, որ կազմակերպուած էր հեռավար ձեւաչափով։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեանի գլխաւորութեամբ առցանց քննարկումներուն մասնակցեցան թեմի հոգեւորականաց դասու անդամները, ծխական խորհուրդներու ատենապետները եւ դիտորդները, տեղական ծուխերու ներկայացուցիչներ եւ այլք։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՆԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Հայաստանի Բանակի օրուան առթիւ, Վաղարշապատ քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք։

Տ. ԽԱԺԱԿ Ս. ԱՐՔԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՔՐԻՍՏՈՆԷԻՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի (Վատիկան) մօտ Հայ Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան, վերջերս հրաւիրուած էր մասնակցիլ կարգ մը միջեկեղեցական արարողութիւններու, որոնք կազմակերպուած էին Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան ծիրէն ներս։

ՎԱՂԸ՝ ԱՐԱԳԱՀԱՍ ՍՈՒՐԲ ՍԱՐԳԻՍԻ ՏՕՆՆ Է

Սուրբ Սարգիսի տօնը հայերու մէջ ամենասիրուած տօներէն մէկն է, իսկ Սուրբ Սարգիս զօրավարը հայ ժողովուրդի ամենասիրելի եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող սուրբը, որուն ժողովուրդը կը դիմէ ջերմեռանդութեամբ եւ խոր հաւատքով՝ ապաւինելով ամենահաս եւ արագահաս սուրբի բարեխօսութեան՝ թէ՛ վտանգի, թէ՛ նեղութեան անել վիճակներէն սուրբ միջոցով ազատելու համար։

«ՄԵՐ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՈՉԻՆՉ ՓՈԽՈՒԱԾ Է։ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ Է»

Հայաստանի մէջ այսօր կը նշուի Բանակի օրը։ Յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին հետ կը համընկնի այս տարուանը։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ հրապարակուած պատգամին մէջ նշուած է, որ այս տարուան Բանակի օրը ունի տարբեր խորհուրդ մը։

Էջեր