Եկեղեցական

Տ. ՅՈՎՆԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՅԱԿՈԲԵԱՆ՝ ԳՈՒԳԱՐԱՑ ԹԵՄԻ ՆՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ՝ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան նշանակուեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի առաջնորդ։ Ան այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ նորոգ վախճանեալ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանին։

ՍՈՒԳԸ ՉՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑՆԵԼ

Վեհափառ Հայրապետը երէկ այցելեց Եռաբլուր եւ նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Միայն ուժեղ պետութիւնով հնարաւոր է յաւերժացնել մեր ինքնութիւնն ու լինելութիւնը, նաեւ մեր քաջորդիներու յիշատակը։ Չվտանգենք մեր պետականութիւնը անխոհեմ քայլերով, գործենք յանուն մեր ժողովուրդի ու հայրենեաց անկորուստ պահպանութեան, զօրացման ու յառաջընթացի»:

ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ՝ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, այս կիրակի, Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի՝ Արցախի պատերազմին նահատակուած հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

«ԱՋԱԿՑԻՆՔ ԱՐՑԱԽԻՆ»

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու տնօրինութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը նախաձեռնեց ծրագրի մը, որ կը կոչուի «Աջակցինք Արցախին»։ Նորահաստատ այս ծրագրին նպատակն է բացառաբար մարդասիրական հոգատարութիւն ցուցաբերել Արցախէ ներս ծանր կացութեան մատնուած ժողովուրդին եւ պատերազմի հետեւանքով Արցախի գիւղերէն տարհանուելով Հայաստանի մէջ ապաստան գտած ընտանիքներուն։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄԷ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱԾ Տ. ՊԱՐԳԵՒ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանը։ Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին Նորին Սրբազնութիւնը անցուցած էր լուրջ սրտի անհանգստութիւն մը եւ բուժման համար մեկնած՝ արտասահման։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ՅՈՐԴՈՐԷ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԻԼԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ համայն հայութեան ուղղեալ պատգամով մը հանդէս եկաւ՝ Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներքին քաղաքական իրավիճակին կապակցութեամբ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովէն վերջ հրապարակուեցաւ այս պատգամը։

ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՄԷՋ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայութեամբ, անցեալ շաբաթավերջին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարան-սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միաբանական հոգեմտաւոր հաւաք մը։

ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ֆրանսացի բժիշկներ, որոնք մարդասիրական առաքելութիւն կ՚իրականացնեն Հայաստանէ ներս։ Ներկայ էր նաեւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը։ Զրոյցի բովանդակութեան մասին պաշտօնական աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած։

ԶԵԿՈՅՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՀԱՄԱՎԱՐԱԿԻ ՏԱՐԱԾՄԱՆ ՊԱՏՃԱՌԱՒ ԱՌՆՈՒԱԾ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑԱՌՈՒՄՆԵՐՈՒ

Ծանօթ է, թէ քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ առողջապահական պատասխանատուներու թելադրութիւնները նկատի ունենալով, 1 յունիս 2020 թուականէն սկսեալ մեր եկեղեցիները աստիճանաբար բացուած էին հաւաքական պաշտամունքի, Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւններու եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններու կարելիութիւն ընծայելու առաջադրութեամբ, առողջապահական ու գիտական մարմիններու որոշած առողջապահական դնչակապ (եիւզ մասքէսի), հականեխիչներու գործածութեան ու ընկերային հեռաւորութիւնը պահելու պայմանաւ։

Էջեր