ՁՈՒԿԵՐԸ ԿԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵՆՔ ՄԱՐՄԱՐԱՅԻ ՋՈՒՐԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Մութ երկնքի ու մութ ծովուն վրայ կ՚ընթանայինք հովուն դէմ:
Նախ կորսնցուցի Գումգաբուի գաճաճ փարոսին պլպլացող կարմիր լոյսը, իսկ արդէն կէս ժամ վերջ բոլորովին աննշմար եղան քաղաքին բոլոր լոյսերը:
Մութ երկնքի ու մութ ծովուն վրայ կ՚ընթանայինք հովուն դէմ:
Նախ կորսնցուցի Գումգաբուի գաճաճ փարոսին պլպլացող կարմիր լոյսը, իսկ արդէն կէս ժամ վերջ բոլորովին աննշմար եղան քաղաքին բոլոր լոյսերը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բազում մարդիկ, հաւանաբար, կ՚ուզէին, որ մահը կամընտիր ըլլար. օրինակ՝ անձնագիրով կամ կրթական մակարդակով, քանի չեն ուզեր լքել իրենց երկրային կեանքը: Բայց մահուան հետ մեր համաձայնութիւնը սկսաւ այն ժամանակ, երբ մենք ծնանք եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը իրենց յատկացուած ժամանակին կը կատարէ այս պայմանաւորուածութիւնը։
Երէկուան մեր րըբօրթաժին մէջ Գումգաբուի ամենէն հին ձկնորսներէն Գրիգոր րէիսի խօսքը ըրած էինք: Այս ազգասէր եւ բարեսիրտ անձը օրինակելի զաւակներ պարգեւած է համայնքիս:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ակնը՝ հայ գրչութեան նշանաւոր կեդրոններէն մէկը, այսօր իր յիշատակները կը պարզէ գիրքերու էջերէն: Հայոց կորսուած աշխարհներէն է Ակնը, իրմէ անբաժան են հայոց պատմութեան նշանակալի դրուագներ, հռչակաւոր անուններ եւ իրադարձութիւններ:
Առաւօտեան ժամը 3ին “Ագշամճը գահվէսի”ի մէջ:
Կը գանգատին որ ժողովուրդը դեռ վարժուած չէ ձուկ ուտելու:
“ծովը բիրտ է”
“ծովնէ որ մեզի կեանք կուտայ”
“Մենք անոր զաւակներն ենք”
“Աստուծոյ օրհնութիւնը մենք ծովէն կը սպասենք”
“Հէյ անամ, վար մը պիզէ եան պաքան...”:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սեբաստիոյ վիլայէթի Տեւրիկ գաւառակի Գասաման գիւղին մօտակայքի Բրգնիկ գիւղի անունին մասին զանազան վարկածներ կան: Ամենաընդունուած տարբերակը այն է, որ Բրգնիկ անունը ծագած է Բագրատունի նախարարական տոհմի անունէն՝ աղաւաղուելով եւ դառնալով Բրգնիկ։
ՎԱՐԴԱՆ ՕԶԻՆԵԱՆ
“Այո պարոն, աշխարհի մէջ պարկեշտ մարդու մը տասը հազարէն մէկ միայն կարելի է պատահիլ”: Այսպէս խօսեցաւ Համլէթ Բոլոնիոսի: Բայց եթէ Շէյքսբիր Գումգաբու ապրած ըլլար չպիտի գրէր այս խօսքը:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ինչո՞ւ տակաւին կան չզարգացած կամ զարգացող երկիրներ՝ քանի որ կ՚ապրինք փորձագիտութեան դարուն։ Արդեօք սա պարզապէս կրթութեան բացակայութեա՞ն պատճառով է, թէ ուրիշ հանգամանքներով պայմանաւորուած։
Ճիշդ 72 տարի առաջ այսօր՝ 20 մայիս 1952 թուականին, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի առաջին էջին վրայ տեղ գտած էր նոր յօդուածաշարքի մը ազդարարութիւնը։ Ընթերցողներուն տեղեկացուած էր, որ օր մը վերջ 21 մայիս 1952 թուականին պիտի սկսէր «Գումգաբուի հայ ձկնորսներուն հետ» խորագրեալ յօդուածաշարքը։