ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. Ո՞Վ ՀՐԱՒԻՐԵԼ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 37.14-38:
Պօղոս առաքեալին Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած երկրորդ նամակէն 1.1-12:
Ղուկասի Աւետարանէն 14.12-24:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 37.14-38:
Պօղոս առաքեալին Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած երկրորդ նամակէն 1.1-12:
Ղուկասի Աւետարանէն 14.12-24:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ալասքայի Ուիթիէր քաղաքի գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը կ՚ապրի բազմաբնակարան շէնքի մը մէջ...
Շէնքը կը կոչուի «Begich Towers» եւ կը բաղկանայ 14 յարկանի բազմաբնակարան համալիրէ, ուր կ՚ապրին քաղաքի բնակիչներու մօտաւորապէս 90 տոկոսը (քաղաքի ընդհանուր բնակչութիւնն է՝ 272):
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր մանրակրկիտ եւ արհեստավարժ կերպով կը մշակուէր պոլսահայ անուանի ջութակահար, դաշնակահար, երգեհոնահար, երաժշտահան, խմբավար, հասարակական գործիչ Յարութիւն Սինանեանի արխիւը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայրենի երիտասարդ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու, տոցենթ, Երեւանի Հիւսիսային եւ Լեզուագիտական համալսարաններու դասախօս Վարդուհի Դաւթեան ձեռնարկած է պոլսահայ բանաստեղծ, հրապարակագիր, արձակագիր, թարգմանիչ, մանկավարժ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Վահան Թէքէեանի յօդուածներու ամբողջական ժողովածուի հրատարակութիւնը՝ երեք հատորի մէջ հաւաքելով, դասակարգելով, ծանօթագրելով Թէքէեանի յօդուածները՝ լոյս տեսած արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ մամուլին մէջ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Black Mirror» իրականութեան մէջ միայն հեռուստաշար մը չէ, այլ ան կը նմանի մտքի տարրալուծարանի մը, որ մարտահրաւէր կը նետէ սովորական մտածումներուն: Իւրաքանչիւր դրուագով կը ճանապարհորդէք բոլորովին այլ տիեզերք մը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աշխարհահռչակ իմաստասէր, ուսողագիր, ապագայատես, գիրքերու հեղինակ եւ ձեռներէց, Նիւ Եորքի համալսարանի դասախօս Նասիմ Նիքոլաս Թալէպ դեկտեմբերի առաջին երկու օրը անցուց Երեւանի մէջ։ Ան «Գիտութեան եւ գործարարութեան օրեր 2023» համաժողովի պատուաւոր հիւրն էր:
Գրաբարէ Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօր, Հայ Առաքելական Եկեղեցին կը նշէ իր առաջին լուսաւորիչներուն՝ Սուրբ Թադէոսի եւ Սուրբ Բարդուղիմէոսի տօնը: Արդարեւ, մենք որպէս ազգ եւ ժողովուրդ աշխարհի մէջ առաջին եղանք, որ Քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք ճանչցանք եւ յայտարարեցինք մեր երկրին մէջ 301 թուականին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին ջանքերով, որ մեր պատմութեան ընթացքին հանդիպած թերեւս ամենէն մեծ յեղափոխական գործիչը հանդիսացաւ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Գրեթէ բոլորս կը ճանչնանք յոռետես մէկը։ Ան միշտ գիտէ, թէ ի՛նչ կրնայ սխալ ըլլալ եւ եթէ նոր գաղափար մը առաջարկէք, ան ձեզ կը յայտնէ հաւանական սարսափելի վիճակներու մասին։
Թերթիս երէկուան թիւին մէջ, մեր աշխատակից Անուշ Թրուանցի ստորագրութեամբ հրատարակուած նիւթին մէջ, երջանկայիշատակ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի լուսանկարին փոխարէն թեքնիք վրիպումով մը տեղ գտած էր երջանկայիշատակ Յարութիւն Պատրիարք Վեհապետեանի լուսանկարը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ գիրի ու մշակոյթի նուիրեալ վաստակաշատ խմբագիր Շաւարշ Միսաքեանի խմբագրականները կը կարդացուին՝ պատմական յօդուածներու նման: Անոր հրապարակագրական ինքնահաստատումը կը սկսի 1908 թուականին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ կը ձեռնարկէ Պոլսոյ «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան։