ԼԷՅՏԻ ԿՈՏԻՎԱՅԻ ԱՌԱՍՊԵԼԸ…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Գեղեցիկ, երիտասարդ ու մերկ կին մը, որ ծածկուած է միայն իր մազերով, ձին հեծած, կ՚անցնի անմարդաբնակ ու ամայի քաղաքի փողոցներով… Արուեստի ոլորտէն ներս յաճախ կարելի է հանդիպիլ այս մոթիֆին։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Գեղեցիկ, երիտասարդ ու մերկ կին մը, որ ծածկուած է միայն իր մազերով, ձին հեծած, կ՚անցնի անմարդաբնակ ու ամայի քաղաքի փողոցներով… Արուեստի ոլորտէն ներս յաճախ կարելի է հանդիպիլ այս մոթիֆին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի մէջ բացուած հերթական ցուցահանդէսը լայն արձագանգներ ու մեծ հետաքրքրութիւն ունեցաւ. «Զարթօնքի վկաները» խորագրեալ ցուցահանդէսը պոլսահայ լուսանկարիչ Ապտուլլահեան եղբայրներու լուսանկարներու՝ Հայաստանի մէջ առաջին յետահայեաց ցուցադրութիւնն է:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակչատունը լոյս ընծայած է հայ եկեղեցական գործիչ, աստուածաբան, բանաստեղծ, երաժշտագէտ, երգահան, պատմիչ, 1166-ին՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքի յիսուն լեզուներով թարգմանուած հատորը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ինչպէս միւս բոլոր կենդանի էակները, մարդիկ եւս զարգացած են բնական ընտրութեան աստիճանական գործընթացի միջոցով, որ կ՚ապահովէ տուեալ բնապահպանական համատեսքին մէջ գոյատեւելու եւ գոյապահպանման համար անհրաժեշտ սարքաւորումները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ուղիղ տասը տարի առաջ՝ 2013 թուականին Հայաստանի մէջ մահացաւ մեր ժամանակներու հայ լաւագոյն արուեստագէտներէն Յակոբ Յակոբեան: Ան 90 տարեկան էր՝ վաստկած էր արուեստագէտին տրուող բոլոր կոչումները, ունեցած էր ճանաչում, փառք, գնահատանք, մեծարում եւ մահացաւ իր սիրելի հայրենիքին մէջ, ուր սփիւռքէն եկած էր ապրելու տակաւին 39 տարեկանին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Իմաստութիւն Սողոմոնի գիրքէն 14.1-8:
Եսայիի մարգարէութենէն 33.22-34.1:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակէն 1.18-24:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Պատերազմի հետեւանքներու կարեւորագոյններէն մին է անոր ազդեցութիւնը խաղաղ բնակչութեան հոգեկան առողջութեան վրայ։ Ընդհանուր բնակչութեան վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան հոգեկան հիւանդութիւններու զգալի աճը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Արմաշի վանքը ուխտագնացութեան աւանդական վայր եղած է: Բաղդատմամբ Հայաստանի բազմաթիւ վանքերու՝ բաւական կարեւոր դեր խաղացած է այս վանքը, ուր մանաւանդ Սուրբ Խաչի տօնի օրը կ՚երթային ուխտագնացութեան եւ մասնակից կ՚ըլլային զանազան արարողութիւններու:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տակաւին Երեւան եմ...:
Թէեւ ամէն առաւօտ աշնանային մշուշ մը միշտ իր ետեւը պահած կ՚ըլլայ մեր հայրենիքի մայրաքաղաքը, սակայն ժամեր ետք, արշալոյսը կրկին անգամ կը ծնի, իբրեւ նոր օրուայ աւետում: Ի՜նչ երջանկութիւն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ուշագրաւ եւ արժէքաւոր ցուցահանդէս մը բացուած է Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ: «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին հետ համատեղ կազմակերպուած է «Յաւերժի վաւերագրողները․ Արամ, Արա, Արտաշէս Վրոյրներ» խորագրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսը, որ նուիրուած է պոլսահայ դերասան, լուսանկարիչ, արուեստագէտ, մամուլի գործիչ Արամ Վրոյրի ծննդեան 160-ամեակին եւ կը լուսաբանէ նաեւ անոր որդիներուն՝ Արա եւ Արտաշէս Վրոյրներու նոյնքան արժէքաւոր գործունէութիւնը: