Ընկերա-մշակութային

ԾԱՌԵՐԸ ԵՒ ԲՈՅՍԵՐԸ ՀԱՅԵՐԷՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՄԷՋ (Ա.)

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Անցեալ դարասկիզբին Պոլսոյ ֆրանսական հիւանդանոցի ներքին հիւանդութիւններու բժիշկ, նաեւ Ֆրանսայի Նանսի քաղաքին մէջ բժշկագործած Յովհաննէս Արթինեան (ծնած՝ 1872-ին եւ մահացած`1951-ին), Պոլսոյ մէջ հրատարակած է շատ ուշագրաւ եւ հետաքրքրական գիրք մը՝ «Աստուածաշունչի տունկերը» խորագրով:

ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՀԻՆԳ ՀԱԶԱՐԻՆ ԿԵՐԱԿՐՈՒՄԸ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 3.1-11:
Պօղոս առաքեալին Հռոմայեցիներուն ուղղած նամակէն 11.13-24:
Մատթէոսի Աւետարանէն 14.13-21:

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՊԱՏՄԵՆ ՎԱՐԱԿԻՉ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ ՎԷՊԵՐԸ (Ա.)

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Երբ 1665 թուականին ժանտախտը պատեց Լոնտոնը, քաղաքի բնակիչներուն մեծամասնութիւնը խելագարուեցան եւ դիմեցին աստղագուշակներուն, իբր թէ բուժող շաղակրատներուն: Անոնք մեծ գումարներ կը վճարէին յոյսի մը համար, կ՚աղօթէին, կը հառաչէին, կը կապէին իրենց աչքերը, կը փակէին ականջները…

ԻՆՔՆԱՏԻՊ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԻՐՔ՝ ԳՏՆՈՒԱԾ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԱՐԱՆԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Իսթանպուլի քաղաքապետարանի Թաքսիմի «Աթաթիւրք» գրադարանէն ներս պահուող հայերէն եւ հայատառ թրքերէն գիրքերը հետազօտելու ընթացքին (2017-2020-ին) հայաստանցի մատենագէտներ անոնց մէջ գտած են գիրքեր, որոնք կը բացակային Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ, որ, ինչպէս յայտնի է՝ կը նկատուի հայատառ տպագիր գրականութեան ամենէն մեծ պահոցը աշխարհին մէջ:

ՄՆԱՍ ԲԱՐԵԱՒ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ (Բ.)

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աւելի քան 450 աշակերտ ունեցող եռայարկ դպրոցի պատուհանները կը նային դէպի պարտէզ: Մեծաւ մասամբ այս նոյն պարտէզին մէջ տեղի կ՚ունենան մարմնամարզութեան դասերը, որոնց աշակերտութիւնը կը սպասէ սրտատրոփ:

ՄՆԱՍ ԲԱՐԵԱՒ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ (Ա.)

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աստուծոյ ողորմածութեամբ ու բարի կամքի շնորհիւ, թրքերէնի ուսուցիչի թափուր աշխատատեղիին համար, քանի մը թեկնածուներու մէջէն ընտրեցին զիս: 2022-2023 թուականներու ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ, Երեւանի աւագ դպրոցներուն՝ լիսէներուն մէջ, որպէս հիմնական առարկայ սկսան ուսուցանել թրքերէն ու ատրպէյճաներէն լեզուները:

«ՀԱՅ ՊԱՐԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՄԻՏԱՍԸ» 130-ԱՄԵԱԿ ՍՐԲՈՒՀԻ ԼԻՍԻՑԵԱՆԻ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Անցնող մէկ շաբաթը Հայաստանի մշակութային կեանքին մէջ յայտարարուած էր «Լիսիցեանական շաբաթ»:
Արուեստի շունչով յագեցած շաբաթը նուիրուած էր պարագիտութեան հայկական դպրոցի հիմնադիր, անուանի պարագէտ, ազգագրագէտ եւ արուեստաբան Սրբուհի Լիսիցեանի ծննդեան 130-ամեակին:

ՄՇԱԿԵԼ ՈՒ ՆԱԽԱԳԾԵԼ ԱՊԱԳԱՆ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Փիլիսոփայութեան պատմութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ գրեթէ բոլոր ժամանակաշրջաններու ընթացքին գրի առնուած յօդուածներու, հետեւեալ հարցման մասին. ի՞նչ է մարդը: Այնուամենայնիւ, այս յօդուածներու հիմնական առանցքը միշտ այդ հարցումը չէ կազմած:

Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ԴՐԱՄՈՎ, ԱՅԼ ՍՐՏՈՎ ՀԱՐՈՒՍՏ ԸԼԼԱԼ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի հիմնադիրներէն Քասիմ (Միսաք Գօչունեան) 1907 թուականին Պոլիս տպուած իր «Տունէն ներս» գիրքին մէջ առօրեայ կեանքի, մարդկային յարաբերութիւններու եւ կենսակերպի մասին հետաքրքրական բազում նիւթեր հեղինակած է: Գիրքին հրատարակիչը՝ Զ. Պէրպէրեան, ընծայաթերթին մէջ օրին գրած է, որ Քասիմ միակ գրողն է, որ ձեռնահասօրէն պրպտած, ուսումնասիրած է ամէն դասակարգի ընտանեկան, առեւտրական, ներքին կեանքը, եւ վէպերու, յօդուածներու, պատմութիւններու ձեւին տակ վերլուծած է բոլոր երեւոյթները կեանքին:

ՏԻՐԻՆԿԱՏԱՐ ԼԵՐԱՆ ՎԻՇԱՊԱՔԱՐԵՐԸ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ՄԱՍ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ չորսուկէս միլիոն հայկական դրամ ուղղուած է ծրագրի մը, ըստ որու պէտք է աշխատանքներ տարուին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ ընդգրկելու համար Հայաստանի Տիրինկատար լերան վրայ գտնուող վիշապաքարերը կամ ինչպէս յաճախ կ՚անուանուին ատոնք՝ վիշապները:

Էջեր