Ընկերա-մշակութային

ՖՈՒԹՊՈԼԱՅԻՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՏՆԱԲԵՄԸ ՍԱՄՈՒԷԼ ՖԱՐՄԱՆԵԱՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Միայնակ ընդդէմ ճակատագրի. Ֆութպոլային դիւանագիտութեան ետնաբեմը» խորագիրը կը կրէ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի մամուլի քարտուղար, նախկին երեսփոխան Սամուէլ Ֆարմանեանի գիրքը:

 

ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՅԻՆԱՆՑ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԿԻՐԱԿԻ «ԿԱՊՈՅՏ» ԿԻՐԱԿԻ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սուրբ Յարութեան յաջորդող վեցերորդ կիրակին մասնաւոր անուանում մը չունի: Երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքը զայն կոչած է ԿԱՊՈՅՏ կիրակի, որպէս տրամաբանական յաջորդականութիւնը նախորդ երկու կիրակիներուն՝ Կանաչ եւ Կարմիր:

«ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՀԵՐՈՍԸ» -Բ.-

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մեր նախորդ յօդուածով անդրադարձած էինք Միխայիլ Լերմոնթովի 1840 թուականին հրատարակուած «Մեր ժամանակի հերոսը» վէպին, որ կը պատմէ 19-րդ դարու հիասթափուած ազնուականի մը մասին եւ հոգեբանօրէն կը զննէ անոր դիմանկարը։

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԴԷՄՔԸ ՏԵՍԱԾ ԿԻՆԵՐ. ՌՈԶԱԼԻԱ ԱԲԳԱՐԵԱՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանցի Ռոզալիա Աբգարեան յունիսի 17-ին կը դառնայ 100 տարեկան: Ան երեւի թէ Հայաստանի մէջ միակ ողջ մնացած կինն է, որ մասնակցած է Երկրորդ աշխարհամարտի մաս կազմող պատերազմներէն մէկուն՝ Հայրենական մեծ պատերազմին:

ՄԱՅԻՍԻ 9-Ը

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Իմ սիրելի տօներէն մին: Համայն հայոց, արցախցիներու սիրելի տօնը:
Ամէն տարի այդ օրը իմ սիրտը կը փառաւորուէր: Արցախը, իր քաղաքամայր Ստեփանակերտով կը պճնուէր: 

ԲԱՑԱՌԻԿ ՅՈՒՇԵՐ ՊՈԼԻՍԷՆ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ԷՆ ԵՒ ՔԱՍԻՄԷՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երէկուան թիւով տուած էինք արեւմտահայ հասարակական գործիչ, գրող, հրապարակագիր Յովհաննէս Պօղոսեանի (ծնած Կեսարիա, 1889 թուականին) յուշագրութենէն հատուած մը:

«ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՀԵՐՈՍԸ» -Ա.-

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

«Ռուսական գրականութեան փարթամ գետը ամբողջութեամբ կը բխի Կովկասի ձիւնոտ գագաթներուն մէջ ծնած այս պարզ աղբիւրէն», կ՚ըսէ Կոկոլ՝ ողջունելով «Մեր ժամանակի հերոսը» գիրքը, որ Միխայիլ Եուրեւիչ Լերմոնթովի միակ վէպն է։ Գիրքի գլխաւոր հերոսը՝ Փեչորին դասուած է ռուսական գրականութեան ներշնչման գլխաւոր աղբիւրներու շարքին, ինչ որ կը համարուի աննախընթաց:

ԲԱՑԱՌԻԿ ՅՈՒՇԵՐ ՊՈԼԻՍԷՆ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ԷՆ ԵՒ ՔԱՍԻՄԷՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օրերս գրադարանին մէջ հանդիպեցայ արեւմտահայերէնով գրուած յուշագիրքի մը: Միշտ հետաքրքրութիւն ունենալով յուշագրութեան հանդէպ, թերթեցի գիրքը եւ կլանուած կարդալով տեսայ, որ հեղինակը՝ Յովհաննէս Պօղոսեան, եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի աշխատակից:

ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԵՐԵՒՈՒՄՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սուրբ Յարութեան յաջորդող հինգերորդ կիրակին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը նշէ Սուրբ Խաչին երեւման տօնը:
Այս կիրակին իրեն նախորդող կիրակիներուն նման գոյն չունի:

Էջեր