ՆՈՐՈԳ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ՄՈՒՐԱՏ ՔԷՅԻՇՕՂԼՈՒԻ ՏԽՈՒՐ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Մուրատ Քէյիշօղլուի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ կուռ դամբանական մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայան եւ անդամներէն Սայաթ Տելիճէն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ հաւաքոյթի մը, որ կազմակերպուած էր Իսթանպուլի շարք մը թաղամասերու «Ռոթարի» ակումբներու նախաձեռնութեամբ։ Թաքսիմի «Փոինթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որ ձօնուած էր 21 Սեպտեմբերին՝ Համաշխարհային խաղաղութեան օրուան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն յանկարծամահ եղած է մեր համայնքի այնքան սիրուած եւ յարգուած դէմքերէն մին՝
Երեսփոխան Սերքան Պայրամի կեանքի ոդիսականին վրայ պատրաստուած ժապաւէնի հանդիսաւոր ցուցադրութիւնը:
«Բարեկամ» ընկերային զօրակցութեան խմբակը ներկայիս կ՚ողջունէ իր հիմնադրութեան երրորդ տարեդարձը։ Համայնքային երիտասարդներու ապագան խրախուսելու ուղղեալ ծրագիրներու հետամուտ է այս խմբակը, որ առաջնահերթօրէն կը համագործակցի Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին հետ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Խաչվերացի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Յետվերանորոգման աշխատանքներուն, սա այս եկեղեցւոյ առաջին տարեկան անուան տօնախմբութիւնն էր։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ պատարագեց եւ տուաւ օրուան պատգամը։
Էսաեան վարժարանի լիսէի բաժնէն աշակերտներ երէկ շրջագայութիւն մը կատարեցին Պէյօղլուի մէջ։ Այսպէս, անոնք այցելեցին պատմական թաղամասի զանազան եկեղեցիները։
2023-24 շրջանի առաջին մատաղօրհնութիւնը, ըստ ընկալեալ սովորութեան, տեղի պիտի ունենայ Սամաթիոյ մէջ։ Երէկ երեկոյեան, Սամաթիոյ ընտանիքը հիւրընկալեց համայնքային շրջանակները եւ այս հաւաքոյթը արդէն մատաղօրհնութեան նախապատրաստական աշխատանքներու սկիզբը բնորոշեց։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ նոր կրթական շրջանի սկիզբը տօնական մթնոլորտի համազօր էր։ 2023-2024-ի տարեմուտը բնորոշուեցաւ նաեւ այլ հանգամանքով մը՝ քանի այլեւս դասաւանդութիւնները դպրոցի համալիրի նորակառոյց բաժնէն ներս տեղի պիտի ունենան։