ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԵՑԱՒ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ՝ իր կողքին ունենալով Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանն ու Պատրիարքարանի լրատուական բաժնէն Կարօ Վռամ Պապայեանը։
Երէկ, Պուրկազ կղզիի Այիոս Եուանիս յունաց եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» երաժշտական հերթական ձեռնարկներու եզրափակիչ փուլը։
2023-2024 կրթական շրջանի սկզբնական փուլին Էսաեան վարժարանէն ներս կը տիրէ մեծ խանդավառութիւն։ Վերամուտին ընդառաջ, 9-րդ դասարանի սաները երէկ համախմբուեցան դպրոցին մէջ, ուր տնօրէնուհի Տենչա Չընարի ջերմ վերաբերմունքին արժանացան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան նախարար Օսման Աշքըն Պաքին։
Շիշլի մարզակումբին նախաձեռնութեամբ Գնալը կղզիին մէջ կազմակերպուած ամրան դասընթացքները եզրափակուեցան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ակումբը այս ամառ 6 մարզաձեւերու պարագային դասընթացքներ կազմակերպեց՝ արձակուրդի շրջանին համախմբելով պատանիներն ու երիտասարդները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Սկիւտարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին, ուր վերջին ամիսներուն բարեզարդման աշխատանքներ կ՚իրականացուէին, երէկ, պաշտամունքի վերաբացուեցաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Շիշլի մարզակումբին նախաձեռնութեամբ, Գնալը կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ լուսահոգի Ղազարոս Ունանի յիշատակին ձօնուած վոլէյպոլի մրցաշարքը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 2-րդ անգամ։
Երէկ, 30 Օգոստոսի Յաղթանակի տօնին առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան մասնակցեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութեան։
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» խորագրեալ երաժշտական ձեռնարկներու վերջինը։ Կղզեբնակ երիտասարդներու երաժշտական կատարումները այս փուլին եւս հրապուրեց հանդիսատեսները։