Թրքահայ կեանք

ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՔ

Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը, որ համախմբեց ինչպէս թրքահայ ազգային-եկեղեցական շրջանակներէն բազմաթիւ դէմքեր, այնպէս ալ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներ։

ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐՈՒ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը կը շարունակէ իրերայաջորդ կեանքի կոչել բազմաբնոյթ ծրագիրներ, որոնց բոլորն ալ կը համախմբեն մեր նոր սերունդը, նաեւ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանան։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ

Սամաթիոյ «Աճառեան» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի թատերախումբին յաջող ներկայացումը։ Հարկ է նշել, որ սահակեանցիները այս շրջանին կը ներկայացնեն անմահ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի նշանաւոր «Պաղտասար աղբար»ը։

ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՆԱԽԱԳԻԾ ՄԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յայտնի համայնքային գործիչ Նշան Գարա այս շրջանին կարեւոր ծրագիր մը կը հովանաւորէ Հայաստանի մէջ։ Ծանօթ է, որ Նշան Գարա՝ որպէս վարչային եւ մտաւորական տասնամեակներէ ի վեր կարեւոր ներդրում մը կը բերէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին:

ԾԱՓԱՀԱՐԵԼԻ ՄԵՆԵՐԳՆԵՐ

Համաշխարհային պարի օրուան առթիւ շաբաթավերջին յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի մէջ։ «Բերայի ձայներէն դէպի քայլեր» խորագրեալ ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ «Կրան Բերա»ի համալիրէն ներս, որ Սերքըլ տ՚Օրիանի պատմական շէնքն է։

ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան վերջերս հիւրընկալեց բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանը, որու ընտանիքը այցելեց Սուրբ Քաղաք։ Ինչպէս ծանօթ է, Սեւան Տէյիրմենճեան վերջին տարիներուն կ՚ուսուցչագործէ Երուսաղէմի Հայոց Թարգմանչաց եւ Ժառանգաւորաց վարժարաններուն մէջ։

Էջեր