Թրքահայ կեանք

ՍԱՀԱԿԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան լիսէի աշակերտներէն Պիանքա Կիրէկէօզօղլուն, Էֆթելիա Պալճըն եւ Արի Սիվազլըն՝ գլխաւորութեամբ իրենց ուսուցչուհիներէն Լիանա Պենլիի եւ Ժպտուն Զուռնաճըի։

ՄԱՀ՝ ԱՐԵԳ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է թրքահայ համայնքի յայտնի դէմքերէն Արեգ Գույումճեան։ Յայտնի ձեռներէց մըն էր Արեգ Գույումճեան, որ տասնամեակներ շարունակ յաջողած էր պատնէշի վրայ մնալ գործարար աշխարհէ ներս։

ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Մեր հայեր» նորաստեղծ միութեան ծանօթացման ընդունելութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, «Մեր հայեր»ը համավարակի շրջանին ստեղծուեցաւ՝ որպէս ընկերային օժանդակութեան շարժում։

ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐ

Գարակէօզեան Տան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային աւանդական մտախաղերը։ 11-րդ անգամ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ կազմակերպուեցաւ համագործակցութեամբ՝ Թուրք ուղեղի խումբի եւ Մտախաղերու կազմի։

Էջեր