Թրքահայ կեանք

ՍԻՆԱՆԵԱՆ ՎՇՏԱԿԻՑ

Հայաստանի սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան վերջին օրերուն ցաւակցական մը ուղարկած է նորոգ հանգուցեալ մարզական գործիչ Նազար Հանչէրի ընտանիքին։ Ծանօթ է, որ Նազար Հանչէրի անժամանակ կորուստը վերջերս մեծ ցաւ ստեղծած էր համայնքային շրջանակներէն ներս։

ԵՒ ՆՈՐ ՍԿԻԶԲ

Պետրոս Շիրինօղլու խօսեցաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ընտրութեան շուրջ:
Համայնքային կառոյցներու նորընտիր մատակարար մարմիններու ձեւաւորումէն վերջ ERVAB-ի առաջին ժողովը:

Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏՈՒԱԾ

Ցաւով մեր ընթերցողներուն կը տեղեկացնենք, թէ շաբաթավերջին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ գործողութեան մը ենթարկուած է թերթիս վեթերան սիւնակագիրներէն Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Դժբախտաբար, բնակարանին մէջ վերջին օրերուն ան վատ զգացած է եւ իր մօտ ախտաճանաչուած է կոնքի ոսկորի բեկանում։

«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԱՄԲՈՂՋ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԵԼՈՅԹԻ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի ելոյթի մը, որ նախատեսուած է յառաջիկայ ապրիլի 14-ին։ Երկրաշարժի աղէտեալներուն ի նպաստ նախատեսուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆուլիայի մշակոյթի կեդրոնին մէջ։

Էջեր