Թրքահայ կեանք

«ՄԱՐԱԼ»Ի ՓԱՌԱՊԱՆԾ ԵԼՈՅԹԸ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը երէկ երեկոյեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը՝ Ֆուլիայի գեղարուեստասրահին մէջ։ Բառին բուն իմաստով փառապանծ երեկոյթ մըն էր այս մէկը, որու մասնակիցները ունեցան անմոռանալի տպաւորութիւններ։

ԱՐԴԷՆ ՆՈՐ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ

Կը տեղեկանանք, որ «Մեր հայեր» ընկերային զօրակցութեան խմբաւորումը այս շրջանին որոշած է նոր հարթութեան մը վրայ դնել իր գործունէութիւնը։ Վերջերս, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Մեր հայեր»ու ներկայացուցիչներէն Նաթալի Ճէպէճին, Յակոբ Գազանճեանը, Վարդանոյշ Պաքին եւ Վարուժան Էօզպաղը։

ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԷՍԿԻՇԵՀԻՐ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի աւարտական դասարանի սաները վերջերս երկօրեայ պտոյտ մը իրականացուցին դէպի Էսկիշեհիր։ Սա դպրոցի աւարտական դասարանի տարեվերջի աւանդական պտոյտն էր։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐԸ ՊՈՒՔՐԷՇԻ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ «ՄՈՏԵԼ-ՄԱԿ» ՀԱՒԱՔԻՆ

Կեդրոնական վարժարանէն խումբ մը սաներ վերջերս մասնակցութիւն բերին «Մոտել-Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւն» (Model United Nations-MUN) հաւաքին, որ տեղի ունեցաւ Ռումանիոյ մայրաքաղաքը՝ Պուքրէշի մէջ։ Սա հետաքրքրական ծրագիր մըն էր, որ կեդրոնականցիներուն առիթ ստեղծեց Եւրոպայի զանազան քաղաքներէ երիտասարդներու հետ մէկտեղուելու եւ քննարկումներ ծաւալելու՝ ՄԱԿ-ի ձեւաչափերու նմանութեան մէջ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄՆ ՈՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Զատկի տօնին առթիւ հիւրընկալեց Պատրիարքարանի անձնակազմը, ինչպէս նաեւ իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները։

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑ ՎԵՐՋԻՆ ԶԱՆԳԸ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ արդէն հնչեց 2022-2023 կրթական շրջանի վերջին զանգը։ Դպրոցէն ներս տարեվերջի հանդիսութիւնը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու եւ քոյր համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները, որոնք փութացած էին Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը շնորհաւորելու։

ՄԵՌԵԼՈՑԻ ԱՌԹԻՒ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ

Սուրբ Զատկի Մեռելոցին առթիւ, երէկ, Սահակեան եւ Եշիլգիւղի վարժարաններու սանուց միութիւններուն նախաձեռնութեամբ աւանդական մրցումներ կազմակերպուած էին։ Հանդիպումները տեղի ունեցան Ետիքուլէի մարզադաշտին վրայ։

Էջեր