Թրքահայ կեանք

ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկուան Ս. Պատարագին մասնակցութիւն բերին Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան սանուց միութեան վարչայիններն ու խումբ մը անդամ երիտասարդները։ Մեծ պահոց շրջանին տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սանուց միութենէն ներկայացուցիչներ։

ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐՈՎ ԼԻ ՈԳԵՒՈՐ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԴԷՊԻ ԿԵՍԱՐԻԱ

Կեսարիոյ ուխտագնացութիւնը երէկ առաւօտեան արարողութիւններով հասաւ իր գագաթնակէտին։ Քաղաքի պատմական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ զանգերը առաւօտեան ժամերուն աւետեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ժամանումը։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՂԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻՆ

Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։ Բոլորը հոգեզմայլ երգեցողութիւններուն հետեւեցան, նաեւ լսեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի քարոզին։

ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐՈՒ ՄԷՋ

«ԹԷՏ» Աթաքենթ քոլէճի տանտիրութեամբ Թուրքիոյ Մտախաղերու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Առաջին մտախաղերու մրցաշարքին մասնակցեցան տասնինն միջնակարգէ աշակերտներ։ Մասնակից աշակերտական խումբերը որպէս ուղեցոյց ունէին իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՄԻՋԻՆՔԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, թաղի Տատեան վարժարանի ընթացաւարտ դասարանին համար: Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ վարժարանի տնօրէնութեան գլխաւորութեամբ՝ ուսուցչաց կազմը:

ԿՂԶԵԱՑ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Կղզեաց նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Լեւոն Շատեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Պերճ Գուզիքօղլուն, որ Պատրիարքարան փութացած էր Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնելու Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ կացութիւնն ու ծրագիրները։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Տ. ՊՕՂՈՍ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՊԱՐՈՆԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր հիւրընկալեց Տ. Պօղոս Աւ. Քհնյ. Պարոնեանը, որ նախկին պոլսահայ մըն է եւ ձեռնադրուած ու օծուած է երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ։

Էջեր