Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՐԻ ՉՈԼԱՔԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին ընդունեց համայնքային շրջանակներու համակրելի գործիչներէն Արի Չոլաքը։ Այս վերջինը Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի խնամատար մարմնի վարչութեան ատենապետի պաշտօնը չորս տարի վարելէ վերջ արդէն որոշած էր բաւ համարել։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սուրբ Գրոց ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Իրեն ընկերացաւ Սուրբ Գրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի տնօրէնուհի Թամար Քարասու:

ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԱՐԵՒԱԳԱԼ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Արեւագալի արարողութեան։ Կեդրոնական վարժարանի սաներն ալ հետեւեցան հոգեպարար արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին եկեղեցւոյ մէջ խորհրդաւոր մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։

ԹՐՔԱՀԱՅ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ 3 ՄԻԼԻՈՆ ԼԻՐԱ ՀԱՆԳԱՆԱԿԵՑԻՆ «TÜRKİYE TEK YÜREK» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

Մինչ Թուրքիա կը ջանայ դիմագրաւել իրերայաջորդ երկրաշարժներու ծանր հետեւանքները, երկրէն ներս մեծ նուիրահաւաք մըն ալ սկսած է առկայ ծանր իրավիճակին մէջ հնարաւորութիւնները կեդրոնացնելու եւ զօրակցութիւնը առաւելագոյն մակարդակին հասցնելու համար։

ՏԻԱՐՊԱՔԸՐԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ նորընտիր ծխական խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Էրկիւն Վարդգէս Այըքի։

ՑՈՒՑԱԿՆԵՐՈՒ ԳՈՅՆԵՐԸ ՃՇԴՈՒԵՑԱՆ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի նախատեսուած հունին մէջ։ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրական կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն հիման վրայ՝ համապատասխան ժամանակացոյցը կը բանի եւ, ինչպէս ծանօթ է, քուէարկութիւնը նախատեսուած է մարտի 12-ին։

ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդին անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ՕՐԸ ՆՇԵՑ ՆԱԵՒ ԹԱՂԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ Դ. ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Բուն Բարեկենդանի տօնախմբութեան։

Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՏԱՄԱՏԵԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, շաբաթավերջին Նիւ Ճըրզիի մէջ դասախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ «Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի վանական-դպրեվանական կեանքը» նիւթին շուրջ։

Էջեր