Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՃԱՆ ՈՒՍԹԱՊԱՇԸՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշըն, որ փութացած էր քաղաքավարական այցելութեան։

ՌՈՒՄԵԼԻՀԻՍԱՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քահանայ Գույումճեան։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԷՅՈՒՊԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները։ Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց հիւրերը ու շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։

ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր ծխական խորհուրդէն Ճէմ Չափարն ու Միսաք Հերկելը։ Ներկայ էր նաեւ Գաւառի հայ համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։

ԻՍՔԵՆՏԷՐՈՒՆԻ ԵՒ ՔԸՐԸՔԽԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսքենտէրունի Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Քըրըքխանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու նորընտիր ծխական խորհուրդներու ներկայացուցիչները՝ Եուսուֆ Թապաշն ու Սապինա Թապաշը։

ՓԵՏՐՈՒԱՐԻ 8-Ը ՎԵՐՋՆԱԺԱՄԿԷՏ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար նախատեսուած ժամանակացոյցը կը բանի՝ ըստ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՎԵՐԺԻՆ ՇԱՊՃԸՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց յայտնի նկարչուհի Վերժին Շապճըն։ Զրոյցի տեւողութեան համակրելի արուեստագիտուհին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ փոխանցեց իր ծաւալած գործունէութեան եւ մօտաւոր ապագային համար նախատեսուած ծրագրերուն շուրջ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ՆԿԱՐԻՉ ԼԵՒՈՆ ԼԱՃԻԿԵԱՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայաստանէն նկարիչ Լեւոն Լաճիկեանը, որ մեր գեղարուեստասէրներուն ծանօթ անուն մըն է եւ այս շրջանին դարձեալ կ՚այցելէ քաղաքս։

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ԵՒ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԸՆԹՐԻՔՈՎ ՄԸ ՄԵԾԱՐԵՑԻՆ Տ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆԸ

Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ քանի մը ամիսէ ի վեր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Առաջնորդարանին կողմէ հովանաւորուած Ս. Ներսէս ընծայարանի դասընթացքներուն կը հետեւի, շաբաթավերջին հիւրընկալուեցաւ Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի պոլսահայ կազմակերպութիւններուն կողմէ։

Էջեր