Թրքահայ կեանք

ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՐԹԱԿ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքէն խումբ մը լուսանկարիչներ հանդէս կու գան նոր նախաձեռնութիւնով մը՝ ստեղծելով «Պոլիս լուսատու» հարթակը։ Այս խմբաւորումը կը նախատեսէ մէկտեղել պոլսահայ արհեստավարժ կամ սիրող լուսանկարիչներ եւ կեանքի կոչել համատեղ նախագիծեր։

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՆԴԷՍ

Էսաեան վարժարանի մէջ Նոր տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ տեղի ունեցաւ տօնական փայլուն հանդէս մը։ Ի տարբերութիւն մեր համայնքային բազմաթիւ դպրոցներէն՝ Էսաեանի մէջ հանդէսը տեղի ունեցաւ տարեմուտի առաջին օրերուն։

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ԴԻՄԷ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ Ա. ՇՐՋԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան ընտրական մարմինը երէկ երեկոյեան գումարեց իր հերթական ժողովը։ Ատենապետ Խաչիկ Սարըլըի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու կապակցութեամբ ընտրական մարմնի մամլոյ բանբերը՝ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան համայնքային մամուլին տեղեկացուց մանրամասնութիւններ։

ՀԱՄԵՐԳԻ ՍԵՄԻՆ ՓՈՐՁ

Երաժշտասէրները արդէն անհամբերութեամբ կը սպասեն այս չորեքշաբթի երեկոյեան՝ Հարպիյէի CRR համերգասրահին մէջ նախատեսուած Սիպիլի մեծ համերգին։ Երկար ժամանակ վերջ համակրելի մեներգչուհին Իսթանպուլի մէջ հանդէս պիտի գայ ելոյթով մը։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏԵՑ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻԿ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Երէկ, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Եշիլգիւղի վրայ։ Այսպէս, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ՝ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ երիտասարդական փայլուն համերգ մը։ Սա «Մենք երգ ենք» համերգաշարի հերթական փուլն էր, որ բացառիկ իմաստ ստացաւ՝ զուգադիպած ըլլալով տարեմուտին։

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ ՎԵՐՅԻՇԵՑ ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՏԻԳՐԱՆ ԷՖԷՆՏԻ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԸ

Գարակէօզեան Տան ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիրը՝ երախտաշատ ազգային բարերար Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանը։ Առաւօտուն, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ հոգելոյս Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։

Էջեր