Թրքահայ կեանք

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցէն ներս Ամանորի շրջանին մասնաւոր խանդավառութեան առիթ դարձաւ՝ Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնած «500 ծիծղուն աչք» ծրագիրը, որ այս տարի հերթական անգամ կեանքի կոչուեցաւ։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԹԱՂ. ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Մարի Եանճըն՝ ընկերակցութեամբ Ելիզ Էօղրէթի եւ Քոզէթ Աւանուսի։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԱՄԱՆՈՐԸ

Մխիթարեան վարժարանի ընտանիքը Նոր տարին դիմաւորեց աւանդական խանդավառութեամբ։ Դեկտեմբեր ամսուան տեւողութեան արդէն տղաքը փուլ առ փուլ պատրաստուած էին Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի խորհուրդին եւ կազմակերպուած բոլոր հանդէսներն ալ մէկ կողմէ ստեղծեցին ոգեւորութիւն, իսկ միւս կողմէ առիթ դարձան, որպէսզի տղաքը այդ խորհուրդներուն հաղորդ դառնան։

ԳԱՄՊՈՒՐԵԱՆԷՆ «ԱՇԽԱՐՀԻ ՉՈՐՍ ԾԱԳԵՐԷՆ»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երէց սերունդի մտաւորականներէն Արամ Գամպուրեան ներկայ տարեմուտին գրասէրներու տրամադրութեան տակ կը դնէ նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Աշխարհի չորս ծագերէն»։

ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Երէկ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած՝ Ամանորի աւանդական խրախճանքը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առթիւ մատղաշ սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ մէկտեղուեցաւ՝ տօնական բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՀԱՆԴԷՍ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ամանորը դիմաւորուեցաւ խանդավառ հանդէսով մը։ Իրականութեան մէջ, տարուան վերջին ամիսը ամբողջութեամբ այս հանդէսի պատրաստութիւններով անցած էր, ուստի, երբ օրը հասաւ՝ արդէն բոլորը բարձր տրամադրութեան մէջ էին։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ձեռնարկը, որու ընթացքին միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Պելինտա Մըխճըօղլու հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՅ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Պաքըրգիւղի ընտանիքը Ամանորի շրջանին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ Տատեան վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած հանդէսներով եւ այլ զանազան ձեռնարկներով։ Դպրոցէն ներս ստեղծուեցաւ փառատօնի մը մթնոլորտը։

Էջեր