ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Գարակէօզեանի ընտանիքը Նոր տարին դիմաւորեց աւանդական բացօթեայ խրախճանքով մը, որ տեղի ունեցաւ դպրոցի պարտէզին մէջ։ Իսկապէս շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ այս երեկոյթը, որուն մասնակցեցան Խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի վարիչները, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ մեր համայնքի բազմաթիւ անդամներ։