Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի, որ դպրաց դասու նախագահն է։

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ «ՊԵԼԿՐՈՒՓ-ՔԱՐՓԵՐ» ԳՈՐԾԱՐԱՆԸ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները վերջին օրերուն յատկանշական պտոյտ մը իրականացուցին։ Այսպէս, դպրոցի Ե. եւ Զ. դասարանները այցելեցին «Պելկրուփ-Քարփեր» գործարանը։

«ՕՍՄԱՆԱՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՄԷՋ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԴԷՊԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՆԱՏՈԼՈՒ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆԸ (1920-1922)»

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «İkinci Adam» հրատարակչութենէն լոյս տեսած է հետաքրքրական գիրք մը, որու հեղինակն է մեր համայնքի երիտասարդ համալսարանականներէն Դալար Ներսէսօղլու։ «Օսմանահայ մամուլին մէջ Յունաստանի դէպի Արեւմտեան Անատոլու գործողութիւնը (1920-1922)» կը կոչուի այս գիրքը, որ Դալար Ներսէսօղլուի տոքթորական թեզն է։

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ԴՊՐՈՑԸ

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի աշակերտները Ամանորի առթիւ այցելեցին Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցը։ Այս այցելութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որ տղաքը գիրկընդխառնուին տօնական բարձր տրամադրութեամբ եւ բարեմաղթութիւններ փոխանակեն իրարու հետ:

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԷՆ ՄԻՐԱ ՊԱՐՍԱՄՕՂԼՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ՄԿՐՏԻՉ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԻ «ՔՈՒՐԷ ՄԱՄԱ»Ն

Մխիթարեան վարժարանի լիսէի բաժնի աշակերտներէն Միրա Պարսամօղլու վերջերս արձանագրած է շատ յատկանշական յաջողութիւն մը, որ իսկապէս արժանի է բարձր գնահատանքի։

ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ

Ղալաթիոյ, Գարակէօզեանի, Գալֆաեանի, Դպրեվանքի խնամակալութեանց, Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի նոր կազմերու ընտրութեան համար շաբաթավերջին քուէարկութիւն տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի Ա. եւ Բ. ընտրաշրջաններէն ներս: Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ եւ Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդներու կազմերն ալ վերանորոգուեցան, ինչ որ կարեւոր է գաւառի մեր սրբատեղիներու պահպանման տեսակէտէ:
Ամանորի ընդառաջ համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը եզրափակուեցաւ, ըստ էութեան բոլոր չափանիշներուն համապատասխան եւ դրական պայմաններով՝ բացառութեամբ Պէյօղլուի պարագան:

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՆՈՐ ՏԱՐԻՆ

Ամանորի ընդառաջ Շիշլի մարզակումբի ընտանիքը անցուց ոգեւոր շաբաթավերջ մը։ Այսպէս, Բանկալթըի «Ռամատա փլազա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Շիշլի մարզակումբին ի նպաստ աւանդական Ամանորի քէրմէսը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները անցան ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։

ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ

Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ զգայացունց իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի վաղուան ընտրութիւնը յետաձգուեցաւ։

Էջեր