ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՎԱՒԵՐԱԳԻՐ
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի նորընտիր մատակարար մարմինը արդէն ստացաւ իր ընտրութեան հաստատագիրը։ Պետական պատկան մարմինները վաւերացուցած են ընտրութեան արդիւնքը։
Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի նորընտիր մատակարար մարմինը արդէն ստացաւ իր ընտրութեան հաստատագիրը։ Պետական պատկան մարմինները վաւերացուցած են ընտրութեան արդիւնքը։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի յետաձգեալ ընտրութեան կազմակերպման համար երէկ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը, որ լայն արձագանգ գտաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Այսպէս, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան տեղին ներգործութեամբ յետաձգուած ընտրութիւններէն վերջ, այդ նոյն պետական կառոյցի տնօրինութեամբ, երէկուան դրութեամբ պաշտօնի կոչուեցաւ նոր ընտրական մարմին մը։
Իսքենտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց օր հիւրընկալուեցան Թուրքիոյ Կաթոլիկ եպիսկոպոսներու ժողովին մասնակիցները։ Գաւառի տեսուչ Տ. Աւետիս Քահանայ Թապաշեան այս առթիւ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ընդունեց քոյր եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչները։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ գործակից ընկերները։ Ատենապետ Էօզֆուրունճու թէեւ համայնքային կեանքէն ներս փորձառու դէմք մըն է, սակայն, այժմ կը գլխաւորէ թաղային խորհուրդի նորընտիր կազմը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, որոնք շնորհաւորական այցելութիւններու փութացին Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ համայնքային շրջանակները հիւրընկալեց՝ Տատեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած տարեկան հանգանակութեան առթիւ:
Ատենապետուհի Մարի Եանճըի կողմէ գլխաւորուած նորընտիր թաղային խորհուրդը առաջին սիրոյ սեղանի ընթացքին ի յայտ բերաւ նաեւ իր գործուէնութեան հիմնական տեսլականը:
Թրքահայութիւնը երէկ սրտաբուխ աղօթքներով տօնախմբեց Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան խորախորհուրդ տաղաւարը:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը պատարագեց Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Գումգաբուի աւանդական ընդունելութեան մթնոլորտը պայմանաւորեցին ազգային-եկեղեցական կեանքի հրատապ հարցերէն ծագած մտահոգութիւնները՝ համայնքային նորընտիր վարիչներու ներկայութեամբ:
Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա շնորհաւորեց թրքահայութեան Սուրբ Ծնունդը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ Գումգաբուի պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին ընթերցեց կուսակալ Երլիքայայի շնորհաւորականը, ուր բարեմաղթութիւններ հասցէագրուած էին մեր համայնքին։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ մեծ հաւաքոյթ մը։ Վարչութեան փոխ-ատենապետուհի Ալին Շէնճանի գլխաւորութեամբ կազմակերպուած ընթրիքը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի գատըգիւղցիներ եւ արամեանցիներ համախումբ ձեւով դիմաւորեն Նոր տարին։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ամանորը լաւ առիթ կը նկատուի, աւելի ճիշդ պէտք է նկատուի անդրադառնալու, թէ Աստուած՝ շնորհաց պարգեւողը մեզի պարգեւած է տարի մը եւս ապրած ըլլալու շնորհը։