ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔՆԵՐ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար թեկնածութիւն ներկայացուց 6 խումբ:
Ընտրական մարմինը վաղը ցուցակներու հաստատման համար պիտի դիմէ VGM-ի Իսթանպուլի Ա. շրջանի տնօրէնութեան:
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար թեկնածութիւն ներկայացուց 6 խումբ:
Ընտրական մարմինը վաղը ցուցակներու հաստատման համար պիտի դիմէ VGM-ի Իսթանպուլի Ա. շրջանի տնօրէնութեան:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գարակէօզեան Տան նորընտիր խնամակալութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, համայնքային մարմիններու ատենապետները երէկ յետմիջօրէին ժողով մը գումարեցին Գումգաբուի մէջ:
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը կեդրոնացած է աղէտի գօտի առաւելագոյն զօրակցութիւնը փութացնելու վրայ: Պետրոս Շիրինօղլու տեղեկացուց, որ ERVAB-ի կողմէ արդէն 2 միլիոն 500 հազար լիրա նուիրատուութիւն կատարուած է: Միւս հաստատութիւններն ալ խոստացան կրկնապատկել այս գումարը՝ մինչ հոգեւոր հայրերն ալ կը յատկացնեն իրենց ամսականները:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան Արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդունեց Պալաթի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ Պալաթի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Ներսէս Քահանայ Այվազեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քահանայ Միւրզեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նորընտիր ծխական խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Զատիկ Թոքէրի։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան սաստիկ երկրաշարժին առթիւ երէկ ցաւակցութիւններ յայտնեց պետական աւագանիին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վշտակցական պատգամներ յղեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին եւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուին։
Որպէս երկրի անանջատելի տարրերէն մին՝ թրքահայութիւնը շարժման անցած է երկրաշարժի ծանր ու ողբերգական հետեւանքներու լոյսին տակ:
Պատրիարքական Աթոռի ընկերային յանձնախումբի երէկուան ժողովէն վերջ, այսօր Գումգաբուի մէջ տեղի կ՚ունենայ համայնքային մարմիններու ատենապետներու խորհրդակցութիւն: Բոլոր լծակները շարժման կ՚անցըուին դէպի աղէտի գօտի բազմաբնոյթ օգնութիւն փութացնելու համար:
Մալաթիայէն տխուր լուրեր. Սամի եւ Այտա Թապաշներէն վերջ զոհուեցաւ նաեւ իրենց անչափահաս զաւակը:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ աղօթք, որու ընթացքին միաբերան ծնրադիր «Տէր ողորմեա» երգուեցաւ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երկրաշարժի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ համայնքային հրատապ խորհրդակցութիւն մը կազմակերպեց Գումգաբուի մէջ։ Այս ժողովին մասնակցեցան ընդհանրապէս Պատրիարքական Աթոռի ընկերային զօրակցութեան յանձնախումբի անդամները։
Թուրքիա կը սգայ բազմատասնեակ զոհերը: Հանրապետութեան Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան զօրակցութիւն յայտնեց աղէտեալներուն: Փրկարարական աշխատանքներու համար զօրաշարժ:
Պատրիարքական Աթոռը այս առաւօտ հրապարակեց պաշտօնական զեկոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.-
Այս առաւօտ ժամը 04.00-ի շուրջ Քահրամանմարաշի կեդրոնով պատահած երկրաշարժը մեծ աւերներ գործեց Թուրքիոյ կարեւոր շրջանի նահանգներէն ներս։