ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ, ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՊԱՐՏԷԶԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՐԵՐՈՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԵՐԵԿՈՅԹ
«Հայ երգ ու պար» անուանումով կազմակերպուած երեկոյթը երէկ խանդավառութեան մեծ ալիք մը ստեղծեց Գնալըի բարձունքին։ Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ շրջապատուած էր բազմաթիւ հոգեւոր հայրերու կողմէ։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հիմնադիրները երէկ ոգեկոչուեցան բիւր յարգանքով։ Կղզիի բարձունքին առ Աստուած աղօթք վերառաքուեցաւ անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար։
Համահայկական 8-րդ խաղերուն մասնակցելիք թրքահայ խումբի դէպի Հայաստան ուղեւորութեան բոլոր կարգադրութիւնները գրեթէ կատարուած են։ Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբին կողմէ գործընթացը յառաջ տարուած է ամենայն լրջութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրահանգով, գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան եւ Կարօ Վռամ Պապայեան 18 յուլիս 2023, երեքշաբթի, ցամաքի ճամբով մեկնեցան Հաթայ։
Իսթանպուլի նորընտիր երեսփոխանը հիւրընկալուեցաւ առողջապահութեան նախարարին կողմէ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ կազմակերպուած «Մենք ԵՐԳենք» խորագրեալ հերթական երաժշտական երեկոյթը երէկ տեղի ունեցաւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, շաբաթավերջին Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տաղաւարի Ս. Պատարագ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, շաբաթավերջին այցելեց Վերժին Շապճըի անհատական ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ Մեծ կղզիի Կղզեաց մշակոյթի միութեան մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիին մէջ եզրափակուեցաւ «Մեսրոպ Բ. Պատրիարք» մարմնամարզական փառատօնը։
Շիշլի մարզակումբը վերջերս մասնակցութիւն բերաւ Տենիզլիի մէջ կազմակերպուած՝ Թուրքիոյ ճատրակի Բ. լիկին։ Շիշլիի ճատրակի կազմը այս մրցաշարքին մէջ կարեւոր ձեռքբերումներ ունեցաւ՝ ուրախութիւն պատճառելով ակումբի շրջանակներուն։