ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ 2023-2024 կրթական շրջանը սկսաւ ոգեւոր հանդէսով մը։ Վերամուտի հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որու կողքին էին Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր գործակից ընկերները։
Թոփգափուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նոր կրթական շրջանի սկիզբը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Վերամուտը տօնական տրամադրութեամբ դիմաւորուեցաւ՝ մինչ տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը, որու ընթացքին բոլորին մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանքի շրջան մը։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ, 2023-2024 կրթական շրջանի առաջին զանգը հնչեց տօնական տրամադրութեամբ։ Տարեմուտի հանդէսին ելոյթներով հանդէս եկան հիմնադրի ներկայացուցիչ Հայկ Ասլանեան եւ տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին, ինչպէս նաեւ Արեւ Փեքմելիքեան եւ Լիզա Չոլաքօղլու։
Էսաեանի ընտանիքը բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորեց 2023-24 կրթական շրջանը։ Երէկ առաւօտ, վարժարանի պարտէզի վերամուտի հանդիսութիւնը անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ մասնակցեցաւ 2023-24 շրջանի վերամուտին, որու ընթացքին կը տիրէր բարձր տրամադրութիւն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ փոխանցեց իր պատգամը Դպրեվանքի ընտանիքի ներկայացուցիչներուն։
Գալֆաեան տան մէջ 2023-24 կրթական շրջանը սկսաւ մեծ ոգեւորութեամբ։ Վերամուտի օրը դպրոցին մէջ համախմբուեցան Գալֆաեանի ընտանիքի պատասխանատուներ, աշակերտներն ու իրենց ծնողները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին գլխաւորեց դէպի Վան տարեկան ուխտագնացութիւնը։ Այսպէս, ան երէկ նախագահեց Վանայ լճի Աղթամար կղզիի՝ այժմ թանգարանի վերածուած երբեմնի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ՝ իր կողքին ունենալով Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանն ու Պատրիարքարանի լրատուական բաժնէն Կարօ Վռամ Պապայեանը։
Երէկ, Պուրկազ կղզիի Այիոս Եուանիս յունաց եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» երաժշտական հերթական ձեռնարկներու եզրափակիչ փուլը։
2023-2024 կրթական շրջանի սկզբնական փուլին Էսաեան վարժարանէն ներս կը տիրէ մեծ խանդավառութիւն։ Վերամուտին ընդառաջ, 9-րդ դասարանի սաները երէկ համախմբուեցան դպրոցին մէջ, ուր տնօրէնուհի Տենչա Չընարի ջերմ վերաբերմունքին արժանացան։