Թրքահայ կեանք

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Գարակէօզեան Տան 2020-2021 ուսումնական շրջանի հունձքը երէկ խանդավառ հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ առաւ դպրոցէն։ Ոգեւոր մթնոլորտի մէջ անցաւ շրջանաւարտից հանդէսը, որ դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուած էր՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսապետեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ օրուան քարոզը։

ԼՈՒՍԻՆ ԵՆԻԵՈՐԿԱՆ ԾԱՓԱՀԱՐԵԼԻ ԸՆԹԱՑՔ ՈՒՆԻ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի նոր սերունդէն Լուսին Ենիեորկան ծափահարելի ընթացք մը ունի նկարչութեան մէջ։ Լուսին Ենիեորկան, որ կը յաճախէ «Փիէռ Լոթի» ֆրանսական վարժարանը, փոքր տարիքէ ի վեր հետամուտ է նկարչութեան եւ հետեւողական յաջողութիւններ կ՚արձանագրէ այս մարզէն ներս։

ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի այս տարուայ հունձքը վերջին օրերուն աւանդական հանդէսով մը հրաժեշտ առաւ՝ առարկայ դառնալով բոլորի ջերմ զգացումներուն եւ բարեմաղթութիւններուն։ Օրուայ հանդիսավարն էր հայերէնի ուսուցիչ Միշել Սամուրքաշ։

ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԷՍ

Գալֆաեան Տան 2020-2021 տարեշրջանի հունձքը երէկ աւանդական հաւաքոյթով մը հրաժեշտ առաւ դպրոցէն։ Հանդէսի բացումին ելոյթ մը ունեցաւ հայերէնի ուսուցչուհի Սիւզան Ավճը։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Երէկ, Ս. Թարգմանիչ վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի տօնին առթիւ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ։ Հանդիսութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, մասնակցեցան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, եկեղեցւոյ երէց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ Կ՚ԱՐԺԵՒՈՐԷ ԶԱՒԷՆ ՊԻՊԵՌԵԱՆԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ

«Արաս» հրատարակչութիւնը կը շարունակէ մշտական ուշադրութեան առարկայ դարձնել մեծանուն գրող Զաւէն Պիպեռեանի հարուստ ժառանգութիւնը։ Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս»ի կողմէ վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած է Պիպեռեանի երկու նոր գիրքը։

ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ «ՀՐԱՇԱՓԱՌ»

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անցեալ տարի իր գահակալութեան յաջորդող օրերուն այցելած էր Իսթանպուլի եկեղեցիները եւ իր նախագահութեամբ տեղի ունեցած էին «Հրաշափառ»ի արարողութիւններ։ Դժբախտաբար, քորոնաժահրի համավարակի զարգացումներուն որպէս հետեւանք, կարելի չէր եղած Գնալը կղզիի վրայ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն կատարել։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՈՒՆՁՔԸ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2020-2021 տարեշրջանի ընթացաւարտները խանդավառ հանդիսութիւնով մը ստացան իրենց վկայականները։ Դպրոցի այս տարուան հունձքը հրաժեշտ առաւ մեծ ոգեւորութեամբ եւ առարկայ դառնալով Գատըգիւղի ընտանիքի ամենաջերմ զգացումներուն։

Էջեր