ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆՕՐԷՆ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԷ ԵԿԵՂԵՑԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐԸ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը հետեւողական աշխատանք կը տանի եկեղեցապատկան կալուածներու արժեւորման ուղղութեամբ։ Կալուածներու արժեւորումը թէեւ որոշ հեռանկարներ կը խոստանայ, սակայն այդ ակնկալութիւնները արդարացնելու նախապայմանն է յիշեալ կալուածները խնամել, վերանորոգել եւ բարւոք վիճակի բերել։