ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՆՈՒԱՐԴ ԱՒԵՏԻՔՕՂԼՈՒԻ ՄԱՍԻՆ ԴՐՈՒԱՏԱՆՔԻ ՏՈՂԵՐ
Համակրելի մեներգչուհի Նուարդ Աւետիքօղլուի յաջողութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Գոհունակութեամբ կը տեղեկանանք, որ վերջերս իր մասին դրուատալի եւ ծաւալուն յօդուած մը լոյս տեսած է Պէյրութի «Խօսնակ» պարբերաթերթին մէջ։