ԵՐԳԻ ՏԵՍԱՀՈԼՈՎԱԿ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ կը շարունակէ երաժշտասէրներու ուշադրութեան առարկայ դառնալ՝ իր «Անվերջ խաւար» երգով։ Այս երգը նոյնացած է Մարալ Այվազի հետ, գեղարուեստասէրները այդ գործի՝ այնքան դիպուկ կատարումով ընկալել սկսած են Մարալ Այվազի արուեստը։