ԳԻՏԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ
«Տէյէր» միութիւնը մասնագիտական խնամք կը կազմակերպէ օթիզմէ տառապող երեխաներու համար:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ Գարթալի «Թաշ էվ» կեդրոնի երդիքին տակ:
«Տէյէր» միութիւնը մասնագիտական խնամք կը կազմակերպէ օթիզմէ տառապող երեխաներու համար:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ Գարթալի «Թաշ էվ» կեդրոնի երդիքին տակ:
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու վերջին օրերուն կորսնցուց իր մայրը՝ Սերվէթ Սոյլուն, որ 75 տարեկան էր եւ միջոցէ մը ի վեր կը տառապէր հիւանդութենէ։ Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը, որուն մասնակցեցան Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ պետական աւագանիէն գրեթէ բոլոր յառաջատար դէմքերը։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարով բնորոշուած անցեալ շուրջ միամեայ ժամանակաշրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առաջնահերթութեան վերածուեցաւ ընկերային զօրակցութեան շարժումը։ Համայնքէն ներս յանկարծ արտասովոր կարիքներ գոյացան եւ անոնք դարձան հրատապ՝ համաճարակով պայմանաւորուած առողջապահական եւ ընկերատնտեսական ծանր խնդիրներուն հետեւանքով։
Երէկ, յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ նորանշանակ դեսպան Հասան Մուրատ Մերճանը։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ եղան նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին բիւր յարգանքով դիպուկ արտայայտութիւններ ունեցաւ:
Պատրիարքական Աթոռի նախորդ երեք երջանկայիշատակ գահակալներուն՝ Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանի, Տ. Գարեգին Արք. Գազանճեանի եւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրիմներուն վրայ երէկ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու մասնակցութեամբ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, վերջերս Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց «Hay Mentee-Mentor» երիտասարդաց ծրագրի պատասխանատուները, որոնք ծրագրի փետրուար ամսուան գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան։
Պատրիարքական Աթոռի նախորդ գահակալ՝ երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման տարելիցն է այսօր։ Երկու տարի առաջ երանաշնորհ պատրիարքը հրաժեշտ առած էր երկրաւոր կեանքէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրութի։ Քաղաքավարական այս այցելութեամբ դիւանագէտները փափաքած էին առաւել ծանօթանալ հայ համայնքին։
Kadasetli Patrik Hazretleri Sahak II özel davetle, diğer azınlık dini önderleri ve cemaat temsilcileriyle 2 Mart 2021, Salı günü, Ankara Beştepe Millet Kongre ve Kültür Merkezi’nde, “İnsan Hakları Eylem Planı Tanıtım Toplantısı”na katılmışlardır. Toplantıda Sayın Cumhurbaşkanı Recep Tayyip Erdoğan, söz konusu planın tanıtımını bizzat yapmıştır.
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս շրջանին շինարարական լայնածաւալ աշխատանքներու ձեռնարկած է։ Այսպէս, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները մեծ ծրագրի մը ձեռնամուխ եղած են՝ եկեղեցապատկան կալուածներու վերանորոգութեան առաջադրութեամբ։