ՀՐԱՏԱՊ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը մեկնաբանեց Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանի վերջին դատավճիռը. «Ընտրութեան համար չենք կրնար կանխատեսել դատական գործընթացներու ժամկէտը, բայց մեր համայնքը պէտք է անյապաղ պատրաստուի ապագայի»:
Ըստ Պետրոս Շիրինօղլուի, մեր հաւաքական միջոցները տարիներէ ի վեր օգտագործուած են անխնայօրէն եւ այսօր մեր հաստատութիւնները՝ մասնաւորապէս թրքահայ վարժարանները դժբախտաբար հասած են սնանկութեան եզրին: