ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԷՆ ՀԻՒՐԵՐ
Շաբաթավերջին կայացած խորհրդարանական ընտրութեանց հետեւեցան նաեւ դիտորդական տարբեր կազմակերպութիւններ, թէ՛ քաղաքացիական հասարակութենէն եւ թէ միջազգային հանրութենէն։ ՀՏՓ-ի հրաւէրով ընտրութեանց հետեւեցաւ նաեւ ՀՅ դաշնակցութեան Եւրոպայի հայ դատի գրասենեակի պատուիրակութիւնը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Ալէֆ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է արժէքաւոր լուսանկարիչ Նուրան Աքքայայի գիրքը, որ կը կոչուի «Հայեր»։ Նուրան Աքքայայի «Հայեր»ը արդիւնքն է շուրջ եօթ տարուան բազմակողմանի աշխատանքի մը։