ԷՐՏՈՂԱՆ ԼԻՈՒՊԼԻԱՆԱՅԷՆ ԱՆՑԱՒ ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ շփումներ ունեցաւ Սլովենիոյ մայրաքաղաքը՝ Լիուպլիանայի մէջ։ Էրտողան, որ այս օրերուն երեք իրերայաջորդ պաշտօնական այցելութիւններ կ՚իրականացնէ, արդէն այսօր շփումներ կ՚ունենայ Սլովաքիոյ մայրաքաղաքը՝ Պրաթիսլաւայի մէջ։

Ռուսաստանի Պետական տումայի նախագահ Սէրկէյ Նարիշքին երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց ռուս բարձրաստիճան խորհրդարանականը։
«Եւրօ 2016»ի որակաւորման հանգրուանի մրցումներուն ծիրէն ներս, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ալպանիոյ հետ։ Հակառակորդ մարզադաշտի վրայ հայկական ընտրանին պարտութիւն կրեց 2-1 արդիւնքով։