ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ
Հայաստան մասնակցութիւն պիտի բերէ Պաքուի մէջ կայանալիք Եւրոպական առաջին խաղերուն
Հայաստան մասնակցութիւն պիտի բերէ Պաքուի մէջ կայանալիք Եւրոպական առաջին խաղերուն
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդին նիստը։ Պէշթէփէի մէջ, Նախագահական պալատի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ժողովը, որ տեւեց ինն ժամ։ Կը հաղորդուի, որ քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառի հարցերը, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան ընթացքը։
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին ստորագրեց Հայաստանի հետ կնքուած համաձայնագրի վաւերացման մասին օրէնքը, որ կը վերաբերի երկու երկիրներու քաղաքացիներու արձանագրման կարգի փոխադարձ դիւրացման։
Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին պիտի մասնակցի 2015-ի ոգեկոչումներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ Ապրիլի 24-ին տեղի պիտի ունենայ հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակութեան ձօնուած աղօթք մը 1915-ի դէպքերու 100-րդ տարելիցին շրջագծով։
Շաբաթավերջին ապրուած ընդհարման հետեւանքով վեց հոգի վիրաւորուեցաւ։
Ռուսական ռազմախարիսխի պայմանագրային զինուոր Արթուր Աֆեանի դիակը գտնուած՝ կախուած վիճակով։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Ճէյմս Քլափէր յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարը աղօտ է։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ճէյմս Քլափէր նախընթաց օր ելոյթ մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի պաշտպանութեան հարցերով յանձնաժողովի լսումներուն շրջագծով։