ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ՝ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՀՐԱՏԱՊ ՕՐԱԿԱՐԳԸ
Եւրոպայի եւ միջազգային ընտանիքի անմիջական ուշադրութեան պայմաններուն ներքեւ, երէկ, Յունաստանի մէջ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր հանրաքուէ մը, որու արդիւնքին ժողովուրդը մերժեց երկրին կողմէ խստապահանջ տնտեսական քաղաքականութեան մը որդեգրումը։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագրերու շրջանակներէն ներս Հայաստանի մէջ գտնուող տասնվեց հայ ուսանողներ երէկ այցելեցին Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւն։ Այդ ուսանողները Հայաստան մեկնած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Լիբանանէն, Ռուսաստանէն եւ Ֆրանսայէն։
Ռուսաստան Հայաստանի հետ կը բանակցի հրթիռային համակարգերու վաճառքի շուրջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի չորրորդ միջազգային բժշկական համագումարը երէկ եզրափակուեցաւ:
Երեւանի մէջ, «Խաչատուր Աբովեան» Հայաստանի Պետական մանկավարժական համալսարանի երդիքին տակ երէկ ապրուեցաւ հանդիսաւոր օր մը։ «Կրթութեան կառավարում» մասնագիտութեան մագիստրոսներու շրջանաւարտութեան հանդիսութեան առթիւ ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։