ՀԱՐԻՍԻ ԴԻՐՔԸ Կ՚ԱՄՐԱՊՆԴՈՒԻ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ յառաջիկայ աշնան նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը կը շարունակէ տակաւ միջազգային անմիջական ուշադրութեան արժանանալ։ Հանրապետական կուսակցութիւնը առաջադրած է նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի թեկնածութիւնը։
Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի վերահսկման տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութիւն:
Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասըրեան յայտնեց, որ Չինաստանի հետ բարձր մակարդակով համագործակցութիւնը կը զարգանայ նաեւ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս։
«Նոր նիւթ» խորագրեալ ուշագրաւ ցուցահանդէս մը՝ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ:
Միջազգային ցուցահանդէսի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցան կլոր սեղաններ եւ դասախօսութիւններ:
Լիբանանէն երէկ հասած լուրերը խորապէս մտահոգիչ էին։ Կազզէի պատերազմի մթնոլորտին մէջ, արդէն վաղուց արիւնալի իրադարձութիւններու ամբողջ տարածաշրջան տարածուելու ռիսքերը օրակարգի վրայ են։ Ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Իսրայէլ մէկ կողմէ Կազզէի արիւնալի գործողութիւնները թափով յառաջ կը տանի, իսկ միւս կողմէ կը թիրախաւորէ Սուրիան ու Լիբանանը։
Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացը երէկ նոր թափ ստացաւ յատուկ ներկայացուցիչներու նոր՝ հինգերորդ հանդիպումով։ Այսպէս, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչները՝ դեսպան Սերտար Քըլըչ եւ խորհրդարանի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան բանակցութիւններ վարեցին երկու երկիրներու ցամաքային սահմանին վրայ։
Իրան ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը վերահաստատէ՝ Հայաստանի տարածքով որեւէ արտատարածքային միջանցքի բացման դէմ ըլլալու ուղղեալ դիրքորոշումը:
«Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէ սպաննուեցաւ Թեհրանի մէջ։ Այս դէպքը Կազզէի արիւնալի պատերազմով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ ռումբի ազդեցութիւն գործեց։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ գծով օգնական Ճէյմս Օ՚Պրայըն համոզուած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եթէ կարելի ըլլայ երթուղիի մը բացումը, ապա անոնք շատ աւելի նուազ կախուածութիւն կ՚ունենան Ռուսաստանէն ու Չինաստանէն, նաեւ աւելի լայն մուտք կ՚ունենան համաշխարհային շուկաներ։