Լրահոս

ՏԱՐԲԵՐԱԿՆԵՐ ՈՒ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐ

Ապիտոնեան. «Ինչպիսի՞ Հայաստան եւ սփիւռք ունենալ կ՚ուզենք 20 տարի յետոյ՝ պատկերացնենք, որպէսզի այդ հիման վրայ ունենանք համահայկական ռազմավարութիւն մը»:
«Հիմնական նպատակն է՝ գոյացնել վերկուսակցական շարժում մը, որ կ՚ընդգրկէ հաւաքական բոլոր հոսանքները եւ անոնցմով կը կարողանանք ձեւաւորել մեր ապագայի տեսլականը»:

ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՇՓՈՒՄ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին քննարկուեցան սահմանի ճշգրտման վերաբերեալ հարցեր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, սահմանի հարաւ-արեւելքի Տեղ-Կոռնիձոր հատուածէ ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։

ԴԻՄԱՒՈՐՈՒՄ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒՐԱԽՈՒԹԵԱՄԲ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Գոհութիւն եւ փառք Ամենակալին Աստուծոյ, որ անցանք Մեծ պահքի նուիրական շրջանէն ու հասանք Աւագ շաբթուան սեմին։ Մեծ պահքը յիրաւի նուիրական շրջան է, որ մեզ կը պատրաստէ Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տաղաւարին։

ՊԱՅՐԱՄՈՎ ԱՅՑԵԼԵՑ ԻՍՐԱՅԷԼ

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը այլընտրանք չունի։
Ճէյհուն Պայրամով վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Իսրայէլի մէջ, ուր ընդունուեցաւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի եւ արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենի կողմէ։ 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԾՈՒԻ՞ ԻՐԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԸ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

ՆԱԹՕ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն «Լը Ֆիկարօ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատերազմի վտանգ կը տեսնէ։ Հայաստանի իշխանութիւնները եւս անդադար կը նախազգուշացնեն, թէ Ատրպէյճան կը պատրաստուի Հայաստանի եւ Արցախի վրայ լայնածաւալ յարձակումի։

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ԻՐԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԼԻՑՔԱԹԱՓՈՒՄ

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյին Ամիր Ապտուլլահիան երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Երկու նախարարները առանձնազրոյցէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները, որոնց աւարտին հանդէս եկան մամլոյ ասուլիսով։

Էջեր