ՖՐԵԶՆՈՅԻ «ԱՐԱՐԱՏ» ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆԸ ՀՐԿԻԶՈՒԱԾ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ մտահոգիչ դէպք մը, որով հրկիզուեցաւ տեղւոյն «Արարատ» հայկական գերեզմանատունը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գերեզմանատան խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնած է, որ այս բոլոր միջադէպերը ատելութեան նպատակաուղղուած յանցագործութիւններ են։
«Մարդը հանրագումարն է ո՛չ թէ տիրացածներուն, այլ տակաւին չիրագործածներուն», կ՚ըսէ Սարթր։ Անշուշտ, սա անհատական կտրուածքով է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչը, որ ամենաբարձր մակարդակի վրայ ընդունուեցաւ Հայաստանի մէջ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երէկ գիշեր Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած են դարձեալ զանազան դէպքեր
Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ հայ իրականութեան օրակարգին վրայ։ Շաբաթավերջին սաղիմահայութիւնը հերթական ահազանգը հնչեցուց՝ ազգապատկան «Կովերու պարտէզ» կալուածի գործարքով պայմանաւորուած տագնապին զուգահեռ։
Յայտնի դերասան Ժերար Տեփարտիէօ վերջերս հարցազրոյցի մը մէջ ըսած է. «Կը խոստովանիմ, որ ինծի համար դժուար է այս դարուն ապրիլ»։
Երեւանին յաւելեալ օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերուի առկայ ռիսքերու մեղմացման նպատակով:
Ատրպէյճանի բանակը երէկ յետմիջօրէի ժամերուն Հայաստանի սահմաններուն վրայ հերթական յարձակումը գործեց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժամը 15.05-ին Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի գիւղը ենթարկուեցաւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու յարձակման։