ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՍՕՐ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ՝ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԷՆ ՆԵՐՍ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ դարձեալ աշխուժութիւն կը նկատուի։ Երկու մայրաքաղաքներէն վերջին շրջանին յաճախ հնչեցին ամենաբարձր մակարդակի վրայ յայտարարութիւններ, որոնք դրական սպասումներ կը ցոլացնէին։ Ճիշդ է, որ կողմերու միջեւ կան լուրջ տարակարծութիւններ, սակայն, վերջին շրջանին հիմնական խնդիրը դարձած է՝ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու գործնականօրէն կեանքի կոչուիլը։
Իրանի նորընտիր նախագահը պաշտօնամուտի օրուան առւօտուն իսկ ընդունեց Հայաստանի վարչապետը:
Նախագահ Էրտողանի վերջին յայտարարութիւնները արձագանգ գտան Իսրայէլէն եւ Ատրպէյճանէն:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ երկիրը կ՚անցնի Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու էական խորացման գործընթաց։ Յունական Կիպրոսի շփումներու շրջանակներէն ներս Արարատ Միրզոյեան «Associated Press» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն շուրջ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան կը պատրաստուի այցելել Գահիրէ։ Թուրքիա-Եգիպտոս յարաբերութիններուն մէջ ապահովուած նոր սկիզբին զուգահեռ՝ բարձր մակարդակի վրայ շփումներն ալ կը խտանան վերջին շրջանին։
Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրին հիման վրայ՝ Եթովպիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Սահակ Սարգսեան համատեղութեան կարգով դեսպան նշանակուեցաւ նաեւ Քենիայի մէջ։ Դեսպան Սահակ Սարգսեանի նստավայրը պիտի շարունակէ մնալ Ատիս Ապապան։
Ֆրանսա ներգրուած է «Տաթեւի մեծ անապատ» վանական համալիրի վերականգնման ծրագրին։
Ուաշինկթըն Եւրոպայի եւ Ասիոյ անվտանգութիւնը կը խրախուսէ՝ զանոնք համարելով անբաժանելի:
Ֆրանսայի հիւրընկալմամբ երէկ սկսան ամառնային 33-րդ Ողիմպիականները։ Փարիզ փաստօրէն դարձած է համաշխարհային ժամադրավայր մը, ուր տեղի կ՚ունենան Ողիմպիականները։ Երէկ, նախ, ֆրանսական երկաթուղիի ցանցին դէմ կատարուած խափանարարութեան մասին լուրերը խոր մտահոգութիւն յառաջացուցին, սակայն, ապա այնպիսի պատկառազդու բացման արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ, որ ամէն ինչ մոռացութեան մատնեց։