ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹԸ
Շաբաթ երեկոյեան Գնալը կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթ մը, որ համախմբեց վարժարանի զանազան սերունդներէ սաներն ու համակիրները։ Ջրային մարզաձեւերու ակումբէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը, որու ընթացքին երաժշտական յայտագիր գործադրեց Արի Պարութօղլու։