Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՀՐՇԷՋ ԳՈՒՆԴԻՆ
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը երէկ Իսթանպուլի հրշէջ գունդին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցի մէջ ծագած հրդեհի մարման ժամանակ տարուած աշխատանքներուն համար։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ հիւրընկալուեցաւ Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետութեան ընդհանուր քարտուղար Ճան Աքըն Չաղլարի, ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Մուրատ Եազըճըի եւ Իսթանպուլի հրշէջ գունդի բաժանմունքի ղեկավար Ռեմզի Ալպայրաքի կողմէ։