Լրահոս

ՄԱՀ՝ ԻԼԹԷՐ ԹԻՒՐՔՄԷՆԻ

Թրքական դիւանագիտութեան երիցագոյն տիրական դէմքերէն Իլթէր Թիւրքմէն երէկ կնքեց իր մահկանացուն՝ 95 տարեկան հասակին։ Շուրջ չորս տասնամեակ Թուրքիան միջազգային բեմահարթակի վրայ տիրաբար ներկայացուցած հեղինակաւոր դիւանագէտ մըն էր Իլթէր Թիւրքմէն, որու յուղարկաւորութիւնը վաղը նախատեսուած է Թէշվիքիյէի մզկիթին մէջ։

ՆՊԱՏԱԿԱՍԼԱՑ ՋԱՆՔԵՐ

Թուրքիա-Իտալիա Միջկառավարական յանձնաժողովի գագաթնային բանակցութիւններ՝ Պեշթեփէի մէջ:
Էրտողան եւ Տրակի անդրադարձան համաշխարհային ուժանիւթի եւ պարէնի տագնապին: Անգարա հացահատիկի միջանցքին տեսակէտէ նուրբ կը համարէ յառաջիկայ երկու շաբաթը՝ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատերազմի պայմաններուն ներքեւ:

ՇԱՄԽԱՆԻԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հրաւէրով՝ այսօր Երեւանի մէջ շփումներ կ՚ունենայ Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի։ Աշխատանքային այցելութեան ընթացքին Գրիգորեան եւ Շամխանի կը վարեն բանակցութիւններ։

ԱԴԱՄԵԱՆ ԱՆՑԱՒ «ՔԷՕԼՆ»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յարձակողներէն Սարգիս Ադամեան փոխանցուեցաւ Գերմանիոյ «Քէօլն» ակումբը։ Յայտնի մարզիկը վերջին շրջանին բաւական վերելք արձանագրած է եւ այս հիման վրայ այլեւս մաս պիտի կազմէ գերմանական այս նշանաւոր խումբին:

Էջեր