ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԴԷՄ ՈՏՆԱԽԱՂ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ կը գտնուի նաեւ ERVAB-ի գլուխը, այս առաւօտ հեռախօսազրոյցի ընթացքին մեզի յայտնեց, որ Օրթագիւղի թաղային խորհուրդին ըրածը մեր համայնքին դէմ ոտնախաղ մըն է։