Լրահոս

ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔ. ԴԱՐՁԵԱԼ ՑՈՅՑ ԿԸ ՏՐՈՒԻ ԻՍՐԱՅԷԼԻ «ԶԷՆՔԻ ՈՒԺ»Ը

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ի՞նչ զարագացումներու սպասել. արդեօք Մերձաւոր Արեւելքի պայթուցիկ մեծ տակառը ամբողջապէս կրնա՞յ պայթիլ։
Այս հարցադրումը վերջին օրերուն հիմնական օրակարգի կը վերածուէր, երբ Պաղեստին-Իսրայէլ հակամարտութեան ծիրին մէջ տեղի կ՚ունենային զարգացումներ։

ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Թերթիս աշխատակիցներէն բանասէր Վարանդ Քորթմոսեան, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրութեան հրաւէրին ընդառաջ շուրջ երկու շաբաթ այցելեց քաղաքս, արդէն վերադարձաւ Երեւան։ Նախընթաց օր Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքը առնելով ան մեկնեցաւ եւ արդէն վերադարձած է իր պաշտօնին գլուխը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնէն ներս։

ԷՐՏՈՂԱՆ-ԼԱՓԻՏ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Եաիր Լափիտի հետ։ Հարկ է նշել, որ 4 տարուան ընդհատումէ մը վերջ երկու երկիրները որոշած են փոխադարձաբար դեսպաններ նշանակել։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄԻՇՏ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ

ԱՄՆ կը շարունակէ խրախուսել Հայաստան-Ատրպէյճան համապարփակ խաղաղութեան հաստատումը:
Պետական քարտուղարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց, որ լարուածութեան աճը ի յայտ բերաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի մնացեալ հարցերու բանակցային ճանապարհով կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:

ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետները քննարկեցին տնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆՈՐ ՊԱՏԿԵՐ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ երկիրը յառաջընթաց արձանագրած է հիւլէական համաձայնագիրին վերաբերեալ վերջին բանակցութիւններուն: Թեհրան գրաւոր պատասխան տուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ այս հարցերը համակարգողին:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՍՈՒԳ

Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի ընդարձակ համալիրէն ներս շաբաթավերջին պատահած սարսափելի պայթումէն վերջ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հռչակուած է երկօրեայ սուգ։ Այսօր եւ վաղը այսպէսով բոլորը կը յարգեն զոհերու յիշատակը՝ մինչ Հայաստանի արտասահմանեան բոլոր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ բացուած են սգոյ տոմարներ։

Էջեր