4 ՁԵՐԲԱԿԱԼԵԱԼԸ ԱՐԴԷՆ ՅԱՅՏՆԻ Է
Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնէն ներս պատահած պայթումին զուգահեռ սկսած հետաքննութիւնը կը շարունակուի։ Երեւանի դատախազութեան աղբիւրները երէկ հաղորդած էին, որ 4 հոգի ձերբակալուած է այս շրջանակին մէջ։
Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնէն ներս պատահած պայթումին զուգահեռ սկսած հետաքննութիւնը կը շարունակուի։ Երեւանի դատախազութեան աղբիւրները երէկ հաղորդած էին, որ 4 հոգի ձերբակալուած է այս շրջանակին մէջ։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Օգոստոսի 14-ին «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին պայթումը ցնցեց հայկական աշխարհը։ Ցաւակցական հեռագրեր եկան բազմաթիւ երկիրներէ։
Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ յառաջիկայ շաբթուան մէջ՝ օգոստոսի 31-ին Նիկոլ Փաշինեան-Իլհամ Ալիեւ նոր ժամադրութիւն:
ԵՄ-ի խրախուսանքով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները պիտի բանակցին՝ նախապէս քննարկման առարկայ դարձած հարցերու շուրջ:
Մեր աշխատակից Մկրտիչ Արծիւեան կը տեղեկացնէ Իզմիթէն.-
ՈՒԷՖԱ-ի ֆութսալի Եւրոպայի լիկի որակաւորման մրցումները ունին յաջող ընթացք:
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը՝ որպէս հիւրընկալ, միջազգային հարթութեան վրայ կը գործէ գնահատելի լրջութեամբ: Յամենայնդէպս մրցաշարքի պարագային եղաւ ձախողում. Քոճաէլիի մէջ շիշլիցիները իրերայաջորդ պարտութիւններով դուրս մնացին մրցակցութենէ:
Միխայիլ Միշուսթին երէկ հանդիպեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ալի Ասատովի հետ:
Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ հրապարակուած համաձայնութիւնները միշտ կիզակէտային:
Պաքուի ղեկավարութիւնը երէկ խստիւ արձագանգեց Ուաշինկթընի կողմէ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի նոր համանախագահի մը նշանակման որոշումին։ Այս կապակցութեամբ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։
Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցած եւ բազմաթիւ զոհեր խլած սարսափելի պայթումին զուգահեռ՝ պատկան մարմիններու ձեռնարկած հարցաքննութիւնը կը շարունակուի։
Ատրպէյճան եւ Ղազախիստան ստորագրեցին՝ ռազմավարական յարաբերութիւններու ամրապնդման մասին հռչակագիր մը։ Պաքուի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւի հանդիպումը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական նշանակեց Ֆիլիփ Ռիքերը, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան փորձառու դէմքերէն մին է։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի նորանշանակ Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ։ Զրոյցի սկիզբին Արարատ Միրզոյեան պաշտօնակցին ցաւակցութիւն յայտնեց Քորսիքայի մէջ վերջին օրերուն ծագած փոթորիկին հետեւանքով զոհուածներուն համար։