ԱՐԴԱՐ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
Երեւանի Գրողներու տան մէջ վերջին օրերուն մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ ի պատիւ քուէյթահայ հասարակական գործիչ ու բարերար, նաեւ գրող Կիրակոս Գույումճեանի, որ սփիւռքի եզակի դէմքերու շարքին կը դասուի ու կը ջանայ մղիչ ուժ մը ըլլալ՝ Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան խթանման ճանապարհին։