Լրահոս

ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑԻ ՏՈՒՆ-ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆ ՀԱՄԱԼՐՈՒԵՑԱՒ ՄԵԾԱՆՈՒՆ ԳՐՈՂԻՆ ՆՈՐ ԴԻՄԱՆԿԱՐՈՎ

Երեւանի Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանի հաւաքածոն համալրուեցաւ մեծանուն գրողին նորաստեղծ դիմանկարով, որու հեղինակն է յայտնի նկարիչ Հրաչեայ Ռուխկեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս կտաւը երկար տարիներ մասնաւոր հաւաքածոներու մաս կազմած է ու հանուած վաճառքի։

ՔԱՈՍ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ. Միացեալ Նահանգներ պատրաստ է ներգրաւուիլ Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութեան:
Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակիչները զգուշացուցած է, որպէսզի մինչեւ 25 օգոստոս լքեն իրենց տուները: Արցախի խաղաղ բնակչութեան կեանքի իրաւունքը երաշխաւորուած չէ:
Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութեան վերաբերեալ առկայ տարակարծութիւնները հասած են բանավէճի մը եզրին:

ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑԵՑԱՆ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 4 ԺԱՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Սոչիի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Բանակցութիւնները տեւեցին 4 ժամ 15 վայրկեան եւ աւարտին երկու նախագահներու կողմէ հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը։

FOREIGN POLICY. «ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ ՊԷՏՔ Է ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓ ՄԸ ՓՆՏՌԷ՝ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԵՐՐՈՐԴ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԿԱՆԽԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»

«Foreign Policy» ամերիկեան հեղինակաւոր հանդէսին մէջ վերլուծութիւն մը լոյս տեսաւ՝ Մաքսիմիլիըն Հեսի ստորագրութեամբ։ Այս առթիւ մատնանշուեցաւ, որ եթէ Արեւմուտքը կը փափաքի կանխել Լեռնային Ղարաբաղի երրորդ պատերազմը, ապա պէտք է բանակցութիւններու նոր ձեւաչափ մը փնտռէ։

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՆԵՐԳՐԱՒՄԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՓՈՒԼ ՄԸ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական բաժանմունքին՝ CIA-ի տնօրէնին Երեւան այցելութիւնը անհրաժեշտ լուսաբանումը չունեցաւ: Ենթադրութիւններ, մեկնաբանութիւններ անշուշտ հրապարակուեցան, սակայն պարզաբանում չեղաւ, թէ պաշտօնապէս ի՛նչ նպատակ ունէր այցելութիւնը:

ՊԱԼԸՔԼԸԻ ՄԷՋ ՈՂԲԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

Յոյն համայնքի հիւանդանոցէն ներս երէկ ահաւոր հրդեհ մը ծագեցաւ. շուրջ ութ տասնեակ պատսպարեալները տարհանուեցան ահ ու սարսափի պայմաններով:
Բարեսիրական կառոյցի համալիրին մէջ մեծ վնաս յառաջացաւ: RUMVADER-ի ներկայացուցիչները իսկոյն ջանքեր գործադրել սկսան տարեցներու անօթեւան մնալը կանխելու առաջադրութեամբ:
Պատմական շէնքը հրոյ ճարակ դարձաւ: Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա եւ գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու այցելեցին դէպքի վայր: Հրշէջ գունդը ժամերով աշխատեցաւ բոցերը զսպելու համար:

ԱՆՎԵՐՋ ԵՒ ԱՄՈՒԼ ԿՈՉԵՐ

Արցախի ճակատի արիւնալի վերջին բախումներուն լոյսին տակ՝ շահագրգիռ դերակատարներուն միջեւ խտացեալ շփումներու մթնոլորտ, դիւանագիտական որոնումներ:
Ըստ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի միակ նպատակն է վերացնել 2020 թուականի հրադադարի յայտարարութիւնը. «Եթէ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծի անվտանգութիւնը եռակողմանի ձեւաչափի մէջ չապահովուի, ապա պէտք է մտածել յաւելեալ միջազգային դրութիւններու գործարկման մասին»:
Էրտողան եւ Փութին այսօր կրնան Սոչիի մէջ քննարկել ստեղծուած կացութիւնը, որու շուրջ երէկ արժեւորում մը կատարեցին Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Էնթընի Պլինքըն: Արարատ Միրզոյեան լուսաբանեց Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարները: Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդական ջանքերն ալ թափ ստացան:

«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԴԱՐԱՇՐՋԱՆ»

Արցախի ճակատէն դարձեալ զոհերու եւ վիրաւորեալներու մասին ահազանգային լուրեր կը հասնին: Ատրպէյճան պաշտօնապէս տեղեկացուցած է, որ իր բանակը ռազմական գործողութիւններու ձեռնարկած է, հարուածային անօդաչու թռչող սարքերով հանդերձ: Ռուսաստան հաստատեց, թէ ո՛ր կողմը հրադադարը կը խախտէ:
Երեւան միշտ անճար, Պաքու միշտ յարձակողական:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի խօսքով՝ Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ պահանջները օրինական չեն: Ստեփանակերտի կողմէ մասնակի զօրահաւաք հռչակուեցաւ:

«ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ»Ի ԿԱՅՔԷՋԸ՝ ԵՐԿԼԵԶՈՒ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի կայքէջը դարձած է երկլեզու։ Երկար ամիսներու պատրաստութենէ վերջ արդէն թողարկուած է այս երկլեզու կայքէջը։

ՇՕՇԱՓԵԼԻ ԵՒ ԴՐԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔ

Թուրքիա-Ռուսաստան-Ուքրայնա-ՄԱԿ առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւնով՝ Սեւ ծովու միջանցքը սկսաւ գործարկուիլ հացահատիկի փոխադրութեան համար:
27 հազար թոն եգիպտացորենով բեռնաւորուած նաւը առաջին անգամ նեղուցներէն անցնելով ուղղուեցաւ դէպի Լիբանան՝ Էրտողան-Փութին Սոչիի վաղուան ժամադրութեան ճիշդ նախօրեակին:

Էջեր