Լրահոս

ՎՃՌԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

ՀԲԸՄ-ի 92-րդ ընդհանուր ժողովը Երեւանի մէջ գումարուեցաւ՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին:
Հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ կառոյցը առկայ պատմական խաչմերուկին վրայ իր աշխարհատարած ցանցով կը դիրքաւորուի՝ համազգային միաբանութեան ամրապնդման ի նպաստ:

«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԵԼՈՅԹՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ՓԼՈՎՏԻՒԻ ՄԷՋ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի այցելել Պուլկարիա։ Տեղւոյն «Արաքս» հայկական հիմնադրամին հրաւէրին ընդառաջ, համոյթը հանդէս պիտի գայ ելոյթով մը։

ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ԽՕՍԵՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻՆ ՄԱՍԻՆ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Սթրազպուրկի մէջ յայտարարեց, որ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ, մօտաւոր ապագային Թուրքիա պիտի այցելէ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻՆ

Գերմանիոյ Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ 2024 թուականի Եւրոպայի ֆութպոլի առաջնութեան որակաւորման փուլի վիճակահանութիւնը։ D խմբաւորումը գոյացաւ հինգ ազգային հաւաքականի մասնակցութեամբ։

ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻ ԵՒ ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

ՀԲԸՄ-ի 92-րդ ընդհանուր ժողովը այսօր կը գումարուի Երեւանի մէջ՝ պատմականօրէն ծանր գոյաբանական մարտահրաւէրներով պայմանաւորուած իրադրութեան ներքեւ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը յարատեւ առաքելութիւնը յամառ կամքով յառաջ կը տանի՝ իր ծով փորձառութիւնն ու միջոցները ի սպաս դնելով հայոց անկախ պետականութիւնը առկայ փակուղիի հետեւանքներէն խնայելու առաջադրութեամբ: Աշխարհատարած կազմակերպութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան առջեւ ծառացած ջրբաժանին դիմաց շարժման կ՚անցընէ իր ազդու եւ հզօր ցանցի ամբողջ ներուժը, ինչ որ ճակատագրական նշանակութիւն ունի այս փուլին:
Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի կողմէ գլխաւորուած համագումարի մասնակիցները երէկ յարգանքի այց մը տուին Եռաբլուր եւ ուղեւորուեցան դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին պատգամները լսեցին, նաեւ իրենց խոնարհումը բերին բարեյիշատակ ու երախտաշատ ազգային բարերար Ալեք Մանուկեանի եւ կողակցին՝ Մարի Մանուկեանի շիրմին առջեւ:

ՊԱՔՈՒ ԴԱՐՁԵԱԼ ՄԵՐԺԱԾ Է ԵՐԵՒԱՆԻ ԱՊԱՇՐՋԱՓԱԿՄԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքին տեսակէտէ նախընթաց օր Փրակի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կը շարունակեն յատկանշական մնալ ու պայմանաւորել այժմու օրակարգը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։

ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահն ու Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման համատեսքով կարեւորեցին ուղիղ շփումներն ու բարձր մակարդակի հանդիպումները՝ կարծիքներ փոխանակելով նաեւ տարածաշրջանային գործընթացներուն շուրջ:
Էրտողան եւ Փաշինեան երէկ երեկոյեան Փրակի մէջ տեսակցեցան՝ մասնակցութեամբ Արտաքին գործոց նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Արարատ Միրզոյեանի, նաեւ յատուկ ներկայացուցիչներ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի:
Զրոյցէն վերջ. «Ես կը հաւատամ, թէ պիտի կարողանանք հասնիլ մեր լիարժէք բնականոնացման նպատակին՝ տարածաշրջանէ ներս բարիդրացիական յարաբերութիւններու հիման վրայ»:

ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

«Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը ճանչնան իրարու տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը։ Սահմանի երկայնքով ԵՄ առաքելութիւն պիտի իրականացնէ»:
Նիկոլ Փաշինեան, Էմմանիւէլ Մաքրոն, Իլհամ Ալիեւ եւ Շարլ Միշել քառակողմանի ձեւաչափով կարեւոր քննարկումներ ծաւալեցին՝ հրապարակելով նաեւ համատեղ յայտարարութիւն մը:
Եւրոպայի քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին շարունակուեցան միջազգային յամառ ջանքերը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ գործընթացը կայունացնելու նպատակով: Փրակի մէջ երէկ երեկոյեան փոխադարձ ըմբռնում գոյացաւ, որպէսզի սահմանազատման յանձնաժողովի յաջորդ նիստը մինչեւ ամսավերջ տեղի ունենայ Պրիւքսելի մէջ:

ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի առաջին դէմքերու միջեւ այսօր տեղի կ՚ունենայ՝ ֆութպոլային դիւանագիտութեան շրջանէն ի վեր առաջին երես-երեսի տեսակցութիւնը:
Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հետ հանդիպման զուգահեռ՝ Նիկոլ Փաշինեան քառակողմանի ձեւաչափով կը մէկտեղուի նաեւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի, Շարլ Միշելի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Էջեր