ՆԱԽԱՐԱՐ ՎԱՀԱՆ ՔԵՐՈԲԵԱՆ. «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԱԼ Կ՚ԱՊՐԻՆ ՇԱՏ ՀԱՅԵՐ»
Հայաստանի կառավարութիւնը այս շրջանին կը քննարկէ նախագիծ մը, որով կը նախատեսուի պարզեցուած կարգով քաղաքացիութիւն տալ այն անձերուն, որոնք երկրէն ներս 150 հազար ամերիկեան տոլար ներդրում կը կատարեն։ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան այս կապակցութեամբ յայտնեց, որ երկրէն ներս օտարերկրեայ ներդրումները միշտ խրախուսուած են, թէ՛ մասնաւոր անձերու եւ թէ մեծ ընկերութիւններու ներդրումները քաջալերուած են համաչափ։