ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԻՋԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ՇՓՈՒՄ ՄԸ ԿԸ ԾՐԱԳՐՈՒԻ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննան։ Այս առթիւ յայտարարուեցաւ, որ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ կը ծրագրուի հանրապետութեան նախագահներու միջեւ շփում մը։